image

«Մեր ձեւով» շարժումը հանրահաւաքին առաջարկներ ներկայացուցած է

«Մեր ձեւով» շարժումը հանրահաւաքին առաջարկներ ներկայացուցած է

Միասին կը սկսինք 3–րդ՝ Հայաստանի վերակառուցման շարժումը՝ Ազատութեան հրապարակի վրայ հանրահաւաքի ժամանակ յայտարարած է «Մեր ձեւով» շարժման համակարգող Նարեկ Կարապետեան։

Հանրահաւաքը կազմակերպուած է գործարար Սամուէլ Կարապետեանի ազատութեան պահանջով։ Շարժման ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ կը դատապարտեն եկեղեցւոյ դէմ ձեռնարկուող գործողութիւնները եւ արշաւ կ'որակեն։ Նարեկ Կարապետեան նշած է, որ Հայ առաքելական եկեղեցին անպաշտպան չէ եւ որ շարժումը կը զօրակցի ազատութենէն զրկուած հոգեւորականներուն։

Շարժման համակարգողը բացատրած է նաեւ, թէ ինչ պիտի ըլլան առաջիկայ գործողութիւնները։

«Ես առաջարկում եմ երեք քայլ՝ մեր ծրագիրը, թէ ինչպէս հասնենք խաղաղ իշխանափոխութեան, ինչպէս «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեանը երկրորդ անգամ դարձնենք ընդդիմութիւն։ Քայլ համար մէկ՝ մենք պէտք է բոլորս պատրաստ լինենք, աշխատենք եւ գնանք դէպի ընտրութիւններ։ Այստեղ կան տասնեակ հազարաւոր մարդիկ։ Բոլորս եւ ամէն մէկս աշխատենք ակտիւ եւ խօսենք մեր շրջապատի հետ։  Բոլորին պէտք է պատմել ճշմարտութիւնը»։

Հանրահաւաքէն յետոյ մեկնարկած է երթ դէպի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) շէնք, ուր կը պահուին գործարար Սամուէլ Կարապետեանը, Միքայէլ եւ Բագրատ Սրբազանները։

Երթն առաջնորդած են Սամուէլ Կարապետեանի ընտանիքի անդամները։

Յիշեցնենք, որ «Տաշիր» ընկերութիւններուն խումբի նախագահը կալանաւորուած էր 18 յունսիսին, 16 հոկտեմբերին հակափտածութեան դատարանը մէկ ամիսով երկարացուցած է կալանքի ժամկէտը։ Սամուէլ Կարապետեանին մեղադրանք առաջադրուած է սահմանադրական կարգը  տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչերու յօդուածով։ Ապա մեղադրանքը լրացուած է տնտեսական բնոյթի յանցակազմով։