Մեքսիքոյի մէջ մեթրոկամուրջ փլուզուած է, որու հետեւանքով զոհուած է 15 մարդ։ Տեղեկութիւնը հաստատած է քաղաքապետ Քլաուտիա Շէյնպաումը, կը հաղորդէ Milenio հեռուստաալիքը։
Կը նշուի շուրջ 70 վիրաւորի մասին։
Քաղաքացիական պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ բժիշկները 34 մարդու տեղափոխուած են հիւանդանոց։ Փրկարարական գործողութիւնը կը շարունակուի։
Կառոյցը գնացքի հետ ինկած է քաղաքի հարաւ-արեւելքին մէջ՝ Օլիվոս եւ Թեսոնքօ կայարաններու միջեւ։
Նշենք, որ Մեքսիկոյի մեթրոն Հիւսիսային Ամերիկայի խոշորագոյն մեթրոփոլիթեններէն մէկն է։