image

Մենք հաճոյքով կը պատրաստենք Թրամփի հետ հանդիպումը. Փութին

Մենք հաճոյքով կը պատրաստենք Թրամփի հետ հանդիպումը. Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ պատրաստ է հանդիպիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ եւ դրական կը վերաբերի նման գագաթնաժողովի կազմակերպման գաղափարին։ Այս մասին ան ըսած է Մինսքի մէջ՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան գագաթնաժողովին կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ։

«Ես մեծ յարգանքով կը վերաբերիմ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահին։ Ան անցած է շատ ծանր, բարդ եւ ոչ անվտանգ ճանապարհ՝ վերադառնալու իշխանութիւն եւ Սպիտակ տուն։ Մենք բոլորս այս լաւ գիտենք։ Ան նոյնիսկ մահափորձ վերապրած է, ընդ որում՝ ոչ մէկը։ Ան խիզախ մարդ է, այդ ակնյայտ է»,- նշած է Փութին։

Ռուսիոյ նախագահի խօսքով՝ Թրամփ անկեղծօրէն կը ձգտի կարգաւորելու իրավիճակը Ուքրանիոյ ուղղութեամբ։

«Ես միշտ պատրաստ եմ շփումներու եւ հանդիպումներու։ Գիտեմ, որ պարոն Թրամփն ալ խօսած է նման հանդիպումներու հնարաւորութեան մասին»,- աւելցուցած է ան՝ ընդգծելով, որ նման բանակցութիւնները պէտք է մանրակրկիտ պատրաստել։ «Իսկ ընդհանուր առմամբ հանդիպումը լիովին հնարաւոր է, եւ մենք հաճոյքով կը զբաղինք անոր նախապատրաստմամբ»,- նշած է Ռուսիոյ նախագահը։