Հայրենադարձ մեր հայրենակցուհի Մարօ Քէշիշեան (Արմատներով՝ Մուսալեռցի, Այնճար ծնած եւ երկար տարիներ Միացեալ Նահանգներ ապրած) օրերս մեկնած է Արցախ եւ Ստեփանակերտի մէջ նախաձեռնութիւնը վերցուցած տեղի ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը վերակազմակերպելու աշխատանքին։
Նշենք, որ յառաջիկայ օրերուն Հայաստանի մէջ ընթացք պիտի առնեն Համա-ՀՄԸՄ-եան խաղերը ու այս առումով ալ Մարօ Քէշիշեանի նուիրական մօտեցումը կը ստանայ ուրոյն նշանակութիւն։ Պահու մը, որ ամէն տեսակի մոխրագոյն ամպեր կուտակուած են մեր երկրին վրայ, կը գտնուին Մարօ Քէշիշեանի նման անձնուէր հայրենակիցներ, որոնք յանձն կ՚առնեն նորահաս սերունդին հետ աշխատանք իրականացնելու գովելի նախաձեռնութիւնը։
Այս առթիւ ալ «Արեւելք» իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ Մարօ Քէշիշեանի առաքելութեան մասին «Ապառաժ»ի մէջ լոյս տեսած լրատւութիւնը։
Կազմակերպչական առաքելութեամբ Արցախ գործուղուած քոյր Մարօ Քէշիշեան Յունիսի կէսերէն լծուած է Ստեփանակերտի մէջ սկաուտական աշխատանքներու կազմակերպման։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մեկուսի վարչութեան հետ գործակցաբար, քոյրը Ստեփանակերտի թիւ 2 դպրոցին մէջ կը վարէ սկաուտական աշխատանքներու ծանօթացման աշխատանք։ Արցախցի պատանիներուն ան կը ծանօթացնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ սկաուտութեան գլխաւոր սկզբունքները։
Նախքան կազմակերպական իր առաքելութեան լծուիլը, քոյր Մարօ Քէշիշեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մեկուսի վարչութեան ատենապետ եղբ. Դաւիթ Գրիգորեանի եւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ եղբ. Արա Պուլուզեանի հետ, 15 Յունիսին, այցելեց Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեանին։ Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ նախարարին ներկայացնելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծրագիրները եւ սկաուտական գործունէութեան կարեւորութիւնը Արցախի ներկայ պայմաններուն մէջ։
Երկու օր ետք, 17 Յունիսին, քոյր Մարօ Քէշիշեան Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հանրապետական գրադարանին մէջ իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի սկաուտներուն հետ։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մեկուսի վարչութեան անդամները։
Յայտնենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան աջակցութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ջանքերով ատենէ մը ի վեր լուրջ ճիգեր ի գործ կը դրուին Արցախի մասնաճիւղին վերականգնման եւ աշխատանքներու ծաւալման համար։ Հ.Մ.Ը.Մ. Արցախ այս ամառ պիտի մասնակցի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերուն, պիտի կատարէ սկաուտական բանակում եւ 2023-ին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ բանակումին։