Յուլիս 16-ին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի՝ առաւել արդար, ժողովրդավարական եւ կայուն աշխարհակարգի ստեղծման շահերէն ելլելով բազմակողմ համագործակցութեան շուրջ բաց բանավէճի շրջածիրէն ներս, տեղի ունեցած է հանդիպում Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաղերի Քանիի միջեւ, յայտնած է Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն:
Քննարկուած է պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակը՝ շեշտը դնելով տարածաշրջանի մէջ լարուածութեան հետագայ սրումը կանխելու եւ առկայ հակասութիւնները քաղաքական եւ դիւանագիտական մեթոտներով լուծելու անհրաժեշտութեան վրայ։
ԱԳՆ ղեկավարներն անդրադարձած են նաեւ երկկողմ օրակարգային շարք մը ընթացիկ հարցերու։ Հաստատուած է Մոսկուայի եւ Թեհրանի մտադրութիւնը՝ աւելի շատ ամրապնդելու ռուս-իրանական բարեկամական յարաբերութիւններու ամբողջ շրջանակը՝ հասնելով համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան որակապէս նոր մակարդակի։