Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահներու առաքելութեան տեղակայումը հնարաւոր է միայն հակամարտութեան երկու կողմերու համաձայնութեան պարագային։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը՝ մեկնաբանելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերը՝ ռուս խաղաղապահները Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) զօրախումբով փոխարինելու վերաբերեալ, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն։
«Աշխատանքային, տարբեր մակարդակներով մշտապէս շփումներ կ'ընթանան։ Անշուշտ, այս թեման բազմիցս եղած է օրակարգի վրայ։ Սակայն հասկնալի է, որ որեւէ առաքելութիւն կրնայ ուղարկուիլ միայն հակամարտութեան երկու կողմերու համաձայնութեամբ»,-ըսած է Փեսքով։
Յունուար 10-ին կայացած ասուլիսին Փաշինեան յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու մանթատի ժամկէտը լրանալէն ետք Հայաստանը կրնայ տարածաշրջան միջազգային խաղաղապահ զօրակազմ ուղարկելու հարցով դիմել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին։