Երկարատեւ հիւանդութենէ ետք այսօր մահացած է Վահան Շիրխանեանը։ Ան 77 տարեկան էր։
Այս մասին յայտնած են Շիրխանեանի հարազատները։
Շիրխանեանն ընտրուած է Հայաստանի գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր, ԳԽ պաշտպանութեան եւ ներքին գործերու հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամ: Աշխատած է Հայաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար, Հայաստանի նախագահի խորհրդական՝ յատուկ ծրագրերու գծով, կառավարութեան 10-րդ վարչութեան պետ: Եղած է ՀՀՇ խմբակցութեան անդամ:
2015-ի դեկտեմբերին Շիրխանեանը ձերբակալուած է, այնուհետեւ կալանաւորուած է Երեւանի մէջ վնասազերծուած «զինուած յանցախմբի» գործի շրջածիրէն ներս։ Շիրխանեանն իրեն որեւէ հարցով մողաւոր չէ ճանչցած: Անոր փաստաբան Հայկ Ալումեանը Շիրխանյանի առողջական վիճակի եւ կալանքի վերաբերեալ գանգատ ներկայացուցած է ՄԻԵԴ:
2018-ի յունիսին, երկքուկէս տարի բանտի մէջ անցնելէ ետք, Շիրխանեանն ազատ արձակուած է:
Վերջին տարիներուն Վահան Շիրխանեանի առողջական վիճակը վատացած էր: