Չորեքշաբթի, 1 մարտ 2017-ին, ԱՄՆ-ի մէջ, յետ հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքած է Էօժէնի Ղուկասեան-Մոմճեանը:
Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք հանգուցեալի որդի՝ Կարօ Մոմճեանէն, որ իր ֆէյսպուքեան էջին կատարած էր հետեւեալ գրառումը. «Լոյսերու մէջ մնաս սիրելի մամա եւ հողը թող թեթեւ գայ վրադ...Վստահ եմ որ հիմա միացար ամուսնոյդ՝ Յակոբին ու մեզմէ առյաւէտ բաժնուած հարազատներուդ»:
«Արեւելք» այս առթիւ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի հարազատներուն եւ յատկապէս պատմաբան, օսմանագէտ Կարօ Մոմճեանին: