Թրքական ազգային արժոյթը կը շարունակէ անկում գրանցել. Երկուշաբթի Կեդրոնական դրամատան կողմէ տոկոսադրոյքներու իջեցման լոյսին տակ այն արժեզրկուած է 6 տոկոսով՝ հասնելով 17,38 լիրայի՝ մէկ տոլարի դիմաց:
Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունը Հինգշաբթի որոշում կայացուցծա է նուազեցնել տոկոսադրոյքը 15 տոկոսէն հասցնելով 14-ի:
Երկուշաբթի 10:45-ի դրութեամբ թրքական ազգային արժոյթի փոխարժէքը գնահատուած է 17,38՝ մէկ տոլարի դիմաց: Մինչդեռ նախորդ օրուայ աճուրդի տուեալներով՝ փոխարժէքը կազմած էր 16,41 լիրա:
Թրքական արժոյթը, որուն փոխարժէքը անցեալ Յունուարին կը կազմէր 7,4 լիրա՝ մէկ տոլարի դիմաց, տարուայ ընթացքին արժեզրկուած է աւելի քան 55 տոկոսով, ի դէպ արժէքին 37 տոկոսը կորսնցուցած է վերջին մէկ ամսուան մէջ: