Լիբանանեան աղբիւրներ կը յայտնեն, որ երկրի Պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմ մահափորձի ենթարկուած է։
Կը նշուի, որ նախարարի շարասիւնը կ՚անցնէր Հազմիյէ շրջանէն, երբ լսուած է կրակոցի ձայն։
Կարգ մը աղբիւրներ կը նշեն, որ շրջանին մէջ տեղի կ՚ունենար յուղարկաւորութիւն եւ նախարարի ինքնաշարժը խոցած փամփուշտը այդ առթիւ եղած կրակոցներուն հետեւանք է։
Աւելի ուշ լրատուական հարթակներ տարածած են նախարարի խոցուած ինքնաշարժն ու ինքնաշարժի ճեղքուած պատուհանին ապակիին լուսանկարը։
Մինչ այս լուրը կը տարածուէր լրատուական կարգ մը հարթակները «ձեռ կ՚առնէին» տարածուած լուրին, կամ նոյնիսկ եղածին վերաբերեալ։