image

Լիբանանի պարտքերուն վերաբերեալ ահազանգը հնչած է. Bloomberg

Լիբանանի պարտքերուն վերաբերեալ ահազանգը հնչած է. Bloomberg

Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը Լիբանանի պարտքերուն վերաբերեալ ահազանգ հնչեցուցած է, կը յայտնէ ամերիկեան «Bloomberg» գործակալութիւնը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը նշած է, որ Լիբնանի տնտեսութեան ընթացքն անտանելի է, եւ ներդրողներու վստահութիւնը վերստին շահելու համար անյապաղ կերպով պէտք է վերանայուի այդ ընթացքը:

Հիմնադրամին համոզմամբ, յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին, տեղական արտադրութեան 180 տոկոսը պիտի կազմէ, մինչդեւ այն 2017 թուականին տեղական արտադրութեան 150 տոկոսը կազմած էր:

Հիմնադրամը շեշտած է նաեւ, որ Լիբանան քաղաքական գետնի վրայ նոյնպէս շարք մը որոշումներ պէտք է կայացնէ, տնտեսութիւնը վերակենդանացնելու եւ տոլարի փոխարժէքը կայունացնելու նպատակով: