Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօր. Ժոզէֆ Աուն այսօր Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ընդունած է Հայ Կաթողիկէ Ն.Ա.Գ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս 21-րդ Կաթողիկոս Պատրիարքի այցելութիւնը։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ Լիբանանի նախագահութեան պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեան այսօր ընդունուած է երկրի նախագահ Զօր. Ժոզէֆ Աունին կողմէ։
Այցի նպատակն էր նախագահը հրաւիրել մասնակցելու Վատիկանի մէջ առաջիկայ 19 Հոկտեմբերին կայանալիք մեծ տօնակատարութեան , որուն ընթացքին ալ Հռոմի Լեւոն 14-րդ Պապը սրբադասումը պիտի կատարէ եւ սուրբ հռչակէ Հայ Կաթողիկէ եռամեծ կրօնաւորներէն՝ Իգնատոս Մալոյեան արքեպիսկոպոսը։