image

Լիբանանի մէջ. Վերջին խօսքը Միացեալ Նահանգներու՞նն է

Լիբանանի մէջ.  Վերջին խօսքը  Միացեալ Նահանգներու՞նն է

 Բարդ էր նախագահ Աունի պաշտօնավարման ժամանակաշրջանը եւ ինք նախագահը, որ յայտնի է, որպէս կուռ եւ իր տեսակէտներէն անշեղ մնալու «ղայիմ»ութիւն ունեցող զինուորական գործիչ մը այնքան մը թեւաթափ եղաւ, որ առիթով մը լրագրողի մը հարցին պատասխանելով, թէ «պարոն նախագահ դէպի ո՞ւր կ՚երթանք եւ դէպի ո՞ւր կ՚երթայ մեր երկիրը» հարցին պատասխանեց ՝ «դէպի դժոխք»։ Աուն, որ մինչ այդ բազում առիթներու չէր կրցած նուազոյն պատասխաններ տալ, նոյնիսկ շատ աւելի պարզ ու հեշտ հարցումներու «քաջօրէն» խօսեցաւ Լիբանանի իրականութեան մասին ու վիճակը ներկայացնելու միտքով մըն ալ ըսաւ, որ լիբանանցիք կամ կ՚ուղղուին կամ ալ արդէն այդ «դժոխք»ին մէջն են։

 

Վերջին օրերուն եղած զարգացումները կը փաստեն մէկ կարեւոր բան։ 

 Կը փաստեն, որ Լիբանանի գործող նախագահ ՝ զօր. Միշէլ Աուն, որուն նախագահութեան օրերը  «տէ ֆաքթո» «հաշւուած են» Պաապտայի նախագահական պալատը պիտի լքէ, որպէս Ամերիկայի կամքը կատարած եւ ամերիկեան «գաղտնաբար»ին այո ըսած նախագահ։ 

 

 Ու չի բացառուիր նաեւ, որ Աուն, իր  հետագայ «քաղաքական օրեր»ը ապրի, որպէս Ամերիկայի կողմէ «փայփայուած» գործիչ։ 

 

 Աունի մեծ երազն է, որ իր փեսան,  քաղաքական գործիչ ՝Ժըպրան Պասիլը (որ ինչ խօսք ունի քաղաքական մեծ հմտութիւններ, բայց եւ այնպէս զինք ատողներու մեծ բանակ մը) Պաապտայի պալատ հասցընել եւ անշուշտ չի բացառուիր, որ Իսրայէլի հետ «ծովային սահմանագծման» խնդրով Աուն ամերիկեան ծրագրին իր համամտութիւնը տուած է յոյս ունենալով, որ իր այս քայլը, ինչ որ կերպ կը հարթէ Պասիլի դէպի նախագահական պալատ հասնելու, այս պահուն փակուած համարուող ճանապարհը։

 Կայ նաեւ այլ կարեւոր վարկած մը,որ իւրաքանչիւր նախագահ նախքան իր հեռանալը կ՚ուզէ անպայման դրական այնպիսի հետք մը թողնել, որ լիբանանցիները զինք բարիով ու լաւով յիշեն։

 

 Բարդ էր նախագահ Աունի պաշտօնավարման ժամանակաշրջանը եւ ինք նախագահը, որ յայտնի է, որպէս կուռ եւ իր տեսակէտներէն անշեղ մնալու «ղայիմ»ութիւն ունեցող զինուորական գործիչ մը այնքան մը թեւաթափ եղաւ, որ առիթով մը լրագրողի մը հարցին պատասխանելով, թէ «պարոն նախագահ դէպի ո՞ւր կ՚երթանք եւ դէպի ո՞ւր կ՚երթայ մեր երկիրը» հարցին պատասխանեց ՝ «դէպի դժոխք»։ Աուն, որ մինչ այդ բազում առիթներու չէր կրցած նուազոյն պատասխաններ տալ, նոյնիսկ շատ աւելի պարզ ու հեշտ հարցումներու «քաջօրէն» խօսեցաւ Լիբանանի իրականութեան մասին ու վիճակը ներկայացնելու միտքով մըն ալ ըսաւ, որ լիբանանցիք կամ կ՚ուղղուին կամ ալ արդէն այդ «դժոխք»ին մէջն են։

 

 Չարակամութիւն չկար Աունի խօսքերուն մէջ, գուցէ կար մեծ ափսոսանք, որ ինք չկարողացաւ, նախքան երկրի տնտեսական ոլորտին  մեծ crack down-ը չյաջողեցաւ հասնիլ քանի մը հիմնական խնդիրներու լուծման։

 

 Գուցէ գիտէր, որ իրօք իր առջեւ ցցուած են մի քանի շատ մեծ տարողութեան հիմնախնդիրներ, որոնց լուծման ապահովումը միայն իր ձեռքով չէր, որ պիտի ըլլար։ 

 

 Ու այդ մեծ հիասթափութիւնը ապրելէ ետք,  առնուազն փորձելով մնալ «ջուրի երես»ին Աուն միշտ խօսեցաւ բոլոր լիբանանցիներուն  ուժ եւ կորով հաղորդողի դիրքերէն ...։ 

 

Խօսքը մնաց խօսք, իսկ երկրի խնդիրները աւելիով խորացան, ապրուստ ապահովելը դարձաւ անհնարին ու հազարաւոր լիբանանցիներ  այսօր կը փորձեն  «ոտքի մնալ» եւ անտեսել  «վաղը ինչ պիտի ըլլայ» ճակատագրական- համայնական հարցադրումը։ 

 

 Ձախողեցա՞ւ Աուն. գուցէ ձախողեցաւ, սակայն խնդիրը իր անհատական ձախողանքը չէր միայն, այլ կար ընդհանրական ձախողութիւն մը, որուն ընդհանուր խորագրին տակ պահուըտած կը մնար «Լիբանան պետութեան ձախողում»ը։

 Վերադառնալով Լիբանան- Իսրայէլ  «ծովային սահմանագծութեան համաձայնութեան» խնդրին, որ հաստատուեցաւ Իսրայէլեան Քընէսէթին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներու աւարտին, (քանի պաշտօնական Պէյրութ իր դրական պատասխանը արդէն տուաւ ամերիկացի բանագնաց ՝Հոքսթինի առաջարկի վերջին տարբերակին) ապա այստեղ եւս կան ուշագրաւ  կէտէր, որոնց հետ պարտաւոր ենք հաշուի նստիլ։ 

 

 Նախ այն, որ այս համաձայնութիւնը բառացիօրէն  «յաղթանակ» մըն է ամերիկացիներուն համար, որոնք Միջերկրականի կազի պաշարներէն օգտուելու եւ այդ պաշարները դէպի Եւրոպա «ուղղորդել»ու խնդիր դրած են իրենց առջեւ։ Ու նաեւ արաբական ծոցի երկիրներու (յատկապէս Ռիատի) վարմունքէն «անակնկալի» եկած են ու պիտի փորձեն այս նոր ընտրանքով, որոշ հաւասակշռութիւն մը մէջտեղ բերել։ 

 

 Ուաշինկթըն ու մասնաւորապէս նախագահ Պայտըն այս «յաջողութիւն»ը պիտի փորձէ վերածել ընտրական նոր դրօշակ մը, զայն օգտագործելու գալիք ընտրութիւններուն ու նաեւ աշխարհին ըսելու, որ իրենք «քանդելու» եւ եղած պատերազմներու հրդեհներուն վրայ յաւելեալ ձէթ թափելու կողքին ունակ են «խաղաղասիրական» ծրագիրներ յաջողցնել։

 

 Ամերիկեան կեցուածքին զուգահեռ ուշագրաւ է այս համաձայնութեան «իրական» տէր համարուող երկու կողմերու ՝ պաշտօնական Թէլ Աւիւի եւ «Հըզպալլա»ի կեցուածքները, որոնք  մինչեւ այս պահը «զինուած պատրաստուած» կը խօսէին իրար հարուածելու եւ ջախջախելու հոգեբանութեամբ ու բառապաշարով եւ այսօր ոչ միայն դրական կը համարեն  ամերիկեան նախաձեռնութիւնը այլ պատրաստ են  իրենց ներքին լսարանին հետ լուրջ խնդիրներ ունենալու գնով  ողջունել այս համաձայնութիւնը։

 Այստեղ ուշադրութեան արժանի է յատկապէս «Հըզպալլա»ի եւ անոր առաջնորդ Հասան Նասրալլայի մօտեցումը եւ ցուցաբերած «բրակմաթիզմ»ը, որ նաեւ կը յատկանշէ այդ քաղաքական կողմին ու «դպրոց»ին իրական ներուժն ու  քաղաքական կշիռը։

Կարեւոր հարցումը, որ կը հնչէ այսօր, իրօք, ո՞վ պիտի շահի այս համաձայնութիւնէն եւ իրողապէս, որ կողմն է, որ յաւելեալ միաւորներ պիտի կուտակէ իր հաշւոյն։

 

 

 Կը մնայ անպայման նշել, որ մինչ Իսրայէլ պետութիւնը շատ արագ կերպով պատրաստ է առաջ տանիլ հորատման աշխատանքներ «Քարիշ» կազային հանքէն, իսկ Լիբանանին առջեւ դեռ կայ որոշ ժամանակ մը (որոշ մասնագէտներ կը խօսին առնուազն երկու տարուան աշխատանքի մը մասին), մինչեւ որ իրականութիւն դառնան կազահանման աշխատանքները։

  Աւարտին այս փուլէն ետք ու նաեւ շրջանցելով Իսրայէլի արտահերթ ընտրութեան օրակարգը (առաջիկայ նոյեմբերին), յստակ է, որ Լիբանանի պարագային այսօր առաջնային կը մնայ նոր նախագահի ընտրութեան խնդիրը։ Կայ տեսակէտ, որ ամերիկեան կողմի այս յաջողութիւնէն ետք, Ուաշինկթըն մեծ ճիգեր պիտի գործադրէ, որպէս այդ օրակարգն ալ «բաւարարուի»։

 

 Հաւանական է, այդ «հանգուցալուծում»ը եւ արդեօք Լիբանանի ներ-քաղաքական շրջանակներ պիտի  «մարսեն» ԱՄՆ-էն գալիք նոր Password-ը 

 

 Սպասենք։ 

 

 Սագօ Արեան 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...