image

Լիբանանի ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը՝ ԶՈՄ-ը 120 տարեկան.

Լիբանանի ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը՝ ԶՈՄ-ը 120 տարեկան.

Օրերս Պէյրութի մէջ մեկնարկը տրուած է ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան 120-ամեակի աշխատանքներու փուլին։

Այս առթիւ ալ Միութեան անդամներ այցելութիւն տուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

Ստորեւ այդ առթիւ Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»ի տուած լրատւութիւնը։

Շաբաթ, 2 մարտ 2024-ի երեկոյեան, ՀՅԴ ԶՈՄ-ի 120-ամեակի աշխատանքներուն իբրեւ մեկնարկ, Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամները այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Սանահին Թոմասեան ԶՈՄ-ին անունով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը այս տարի կը նշէ իր 120-ամեակը, նշելով, որ ԶՈՄ-ը  120 տարիներ շարունակ  հաւատարիմ մնացած է իր առաքելութեան, իսկ 2024 տարուան ընթացքին զանազան ձեռնարկներու ու ծրագիրներու ճամբով լուսարձակի տակ պիտի առնուի միութեան 120-ամեայ գործունէութիւնը, եւ իբրեւ մեկնարկ յիշեալ ձեռնարկներուն` միութեան անդամները փափաքած են հանդիպում ունենալ վեհափառ հայրապետին հետ` ստանալու համար անոր օրհնութիւնն ու թելադրանքները:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես յատկապէս վերջին շրջանին երիտասարդներու եռուզեռին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, որ ցցուն արտայայտութիւնն է երիտասարդութեան վստահուած դերակատարութեան մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ: Արդարեւ, ան ողջունեց Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամներուն ներկայութիւնը կաթողիկոսարանի յարկին տակ եւ շնորհաւորեց անոնց 120-ամեայ գործունէութիւնը:

Իր խօսքին մէջ կաթողիկոսը ընդգծեց համալսարանական ուսանողութեան կարեւորութիւնը մեր ազգային կեանքին մէջ եւ շեշտեց երիտասարդներուն ունենալիք ներդրումը մեր գաղութներու գործունէութեան մէջ: Ան յայտնեց, որ հայ կեանքը, յատկապէս` սփիւռքի մէջ, անհրաժեշտ կարիքը ունի վերակազմակերպումի, որուն արդէն իսկ ձեռնարկած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, եւ այս առումով երիտասարդներուն դերը հրամայական է, որպէսզի նախկին ու ներկայ սերունդներուն միջեւ կամուրջ մը ստեղծելով` կարողանանք հաւաքական ճիգով ու միասնակամութեան ոգիով մեր համայնքներուն ու գաղութներուն կեանքը շարունակել վերանորոգ թափով` ի պայծառութիւն մեր կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն: Այս սրբազան գործին մէջ երիտասարդութիւնը իր ըսելիքը եւ ընելիքը պէտք է ունենայ, որովհետեւ ան է մեր կեանքին արիւն ներարկող գործունեայ ու աշխուժ տարրը:

Այս մտածումներէն մեկնած` վեհափառը իր հայրական ու հայրապետական օրհնութիւնը տալով ներկաներուն` դարձեալ շնորհաւորեց ԶՈՄ-ին 120-ամեակը եւ անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն ու հայանպաստ ծրագիրներուն համար յաջողութիւն ու վերելք մաղթեց:

Լսելէ ետք պատգամը, զաւարեանականները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու ու իրենց մտահոգութիւնները կիսելու Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ Հայ դատին, Արցախին, Հայաստանին եւ սփիւռքի վերակազմակերպման առնչուած հարցերու շուրջ:

Աւարտին միութեան 120-ամեակին առիթով Սանահին Թոմասեան յուշանուէր մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին: