Լիբանանեան տիւրզի համայնքի յայտնի քաղաքական ներկայացուցիչներէն նախկին երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ նկատուած է Պէյրութի «Այն Մրայսէ» շրջանի ծովեզերեայ ափին մօտ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» կայանը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ուալիտ Ժոմպլաթ, որուն ձեռքին եղած է լուսանկարող սարք մը (քամերա), փորձած է լուսանկարներ առնել փոթորկոտ ծովէն:
Կը նշուի նաեւ, որ մինչ Ուալիտ Ժոմպլաթ կը փորձէ լուսանկարներ առնել, այդ վայրէն կ'անցնէր քաղաքացի մը, որ մօտեցած է Ժոմպլաթին եւ երկուստեք ինքնիկ (սէլֆի) մը առած են:
Յիշեցնենք, որ իր քաղաքական բուռն կեցուածքներով յայտնի քաղաքական տիւրզի գործիչը, յատուկ սէր ունի նաեւ լուսանկարչութեան հանդէպ: