Պահեցողութեան այս ճամբորդութեան ընթացքին աշխատինք զսպել մեր լեզուն: Ո՛չ միայն պահեցողութեան ընթացքին, այլ՝ այնպէս ընենք, որ կարենանք պահեցողութենէն ետք ալ հսկել մեր լեզուին եւ Աստուծմով տիրապետել ու նուաճել զայն: Աստուծմով կ՚ըսենք, որովհետեւ Յակոբոս առաքեալ կը գրէ. «Բոլոր տեսակի գազանները, թռչունները, սողունները եւ ծովային կենդանիները նուաճուած են մարդուն կողմէ եւ կը հնազանդին անոր: Բայց ո՛չ ոք կրնայ հնազանդեցնել մարդկային լեզուն, որ չար է, անզսպելի եւ մահացու թոյնով լեցուն» (Յկ 3.7-8):
Մտիկ ընենք սրբազան առաքեալին եւ Սուրբ Աթանաս Հայրապետին եւ փորձենք Աստուծոյ շնորհքով եւ Անոր օգնականութեամբ զսպել մեր լեզուն եւ հսկել անոր: Մեր լեզուն ծառայցնենք միմիայն ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը խօսելու, եւ փառաւորելու Հայր Աստուած, Որդին եւ Սուրբ Հոգին, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:
Մեծ պահքի քսաներկրորդ օրն է:
Սուրբ Աթանաս Հայրապետը կը գրէ. «Եթէ պահք պահեցիր՝ սակայն լեզուիդ չհսկեցիր, ապա պահեցողութիւնդ օգուտ չի՛ տար եւ ի զուր կ՚երթայ»:
Մեր գրութիւններուն մէջ յաճախ անդրադարձանք եւ պիտի շարունակենք անդրադառնալ տակաւին, որ պահեցողութեան բուն նպատակը ո՛չ թէ ֆիզիքական պահեցողութիւնը պէտք է ըլլայ, այլ՝ առաւել եւս հոգեւոր պահեցողութիւն:
Հոգեւոր պահեցողութիւն երբ կ՚ըսենք, կը հասկնանք մեր հոգիի դաստիարակութիւնը, հոգեւոր կեանքի մէջ աճումը՝ մեր մարմինի զսպումով եւ դաստիարակութեամբ:
Մա՛րդն է որ պէտք է հսկէ ու կառավարէ իր մարմինին եւ ո՛չ թէ հակառակը: Եթէ մարդ յաջողի կառավարել ու զսպել իր մարմինը, ապա իր հոգեւոր աշխարհը Աստուծմով հարուստ, ո՛չ միայն հարուստ, այլ՝ Աստուծմով զարդարուած կ՚ըլլայ: Իսկ Աստուծմով զարդարուած հոգին պտղաբեր ու անուշաբոյր կ՚ըլլայ:
Աստուծմով հարուստ եւ Անով զարդարուած ըլլալու համար մարդ պէտք է ամենէն շատը ուշադրութիւն դարձնէ իր լեզուին: Լեզուն, Սուրբ Յակոբոս առաքեալին համաձայն, «թէեւ փոքր անդամ մըն է, բայց մեծամեծ բաներով կը պարծենայ: Գիտէք, թէ պզտիկ կայծը հսկայ անտառ մը կրնայ հրդեհել: Լեզուն ալ կրակ է: Անիրաւութեան աշխարհ մըն է անիկա: Թէեւ պարզ մէկ անդամն է մարմինին, բայց ամբողջ մարդը կ՚ապականէ, եւ գեհենի կրակով բռնկած՝ մեր ամբողջ կեանքը կրակով կը վառէ» (Յկ 3.5-6):
Պահեցողութեան այս ճամբորդութեան ընթացքին աշխատինք զսպել մեր լեզուն: Ո՛չ միայն պահեցողութեան ընթացքին, այլ՝ այնպէս ընենք, որ կարենանք պահեցողութենէն ետք ալ հսկել մեր լեզուին եւ Աստուծմով տիրապետել ու նուաճել զայն: Աստուծմով կ՚ըսենք, որովհետեւ Յակոբոս առաքեալ կը գրէ. «Բոլոր տեսակի գազանները, թռչունները, սողունները եւ ծովային կենդանիները նուաճուած են մարդուն կողմէ եւ կը հնազանդին անոր: Բայց ո՛չ ոք կրնայ հնազանդեցնել մարդկային լեզուն, որ չար է, անզսպելի եւ մահացու թոյնով լեցուն» (Յկ 3.7-8):
Մտիկ ընենք սրբազան առաքեալին եւ Սուրբ Աթանաս Հայրապետին եւ փորձենք Աստուծոյ շնորհքով եւ Անոր օգնականութեամբ զսպել մեր լեզուն եւ հսկել անոր: Մեր լեզուն ծառայցնենք միմիայն ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը խօսելու, եւ փառաւորելու Հայր Աստուած, Որդին եւ Սուրբ Հոգին, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:
Վարանդ Քորթմոսեան
Նիւթը՝ «Ժամանակ»էն / Պոլիս