Շարահիւսութիւն
-- dalaşacağına
Արմատն է dalaş, որ կը նշանակէ ծեծկռտոց, գզուըռտոց: Բայն է՝ dalaş.mak`ծեծկռտուիլ, գզուըռտիլ: Բերուած մակբայակերպը կազմուած է dalaş արմատէն եւ բաւական բարդ ածանցէ մը՝ acağına, որ տառացի թարգմանելի չէ հայերէն եւ կը նշանակէ «փոխարէն». ուրեմն՝ դերբայակերպին նշանակութիւնն է՝ «գզուըռտելու փոխարէն»:
Ite dalaşacağına çalıyi dolaş.
Շան (հետ) գզուըռտելուդ փոխարէն մացառը շրջանցէ:
Հին ասոյթ մըն է այս, որ ունի իր տարբերակները եւս.
İtle dalaşmaktan çalıyı dolaşmak yeğdir.
Շան հետ գզուըռտելէն` մացառը շրջանցել նախընտրելի է:
İte dalanmaktan çalıyı dolanmak iyidir.
Շան խածնուելէն` մացառը շրջանցել լաւ է:
* * *
Dalaşacağına՝ կազմուած է dalaş բայարմատէն, որուն վրայ աւելցած է ապառնիի acak ձեւոյթը, այսերկուքին վրայ աւելցած են ստացական մասնիկները՝ im-in-i… ըստ դէմքի ու թիւի եւ բառավերջի k-ն դարձնելով ğ , եւ այս բոլորը՝ տրական հոլովով.
dalaşacağ.ım.a dalaşacağ.ın.a dalaşacağ.ın.a
գզուըռտելուս փոխարէն գզուըռտելուդ փոխարէն գցուըռտելուն փոխարէն
dalaşacağ.ımız.a dalaşacağ.ınız.a dalaşacaklar.ın.a
գզուըռտելնուս փոխարէն գզուըռտելնուդ փոխարէն գզուըռտելնուն փոխարէն
bileceğ.im.e bileceğ.in.e bileceğ.in.e
գիտնալուս փոխարէն գիտնալուդ փոխարէն գիտնալուն փոխարէն
bileceğ.imiz.e bileceğ.iniz.e bilecek.ler.in.e
գիտնալնուս փոխարէն գիտնալնուդ փոխարէն գիտնալնուն փոխարէն
Նկատել, որ եզակի բ. դէմքն ու գ. դէմքը նոյնական են. ասոնք կրնան զանազանուիլ միայն նախադասութեան մէջ գոյ դերանոvնի մը կամ դիմաւոր բայի մը շնորհիւ:
Հնչիւնափոխութեան ենթակայ է բայարմատին կցուաւծ ամբողջ կծիկը, որ կա՛մ
acağına է, կա՛մ eceğine է: Կը շեղի միայն յոգնակի գ. դէմքը, որ acaklar.ın.a է կամ ecekler.in.e է:
Meyhaneye gideceğinize bize buyurunuz.
Գարեջրատուն երթալու փոխարէն՝ մեզի հրամեցէք:
Այս նոյն կառոյները ունին տարբեր նշանակութիւն եւս. օրինակ՝ kazanacağın կը նշանակէ ինչ որ պիտի շահիս, շահելիքդ: Եթէ ասոր տրականը՝ kazanacağına, կը նշանակէ շահելիքիդ փոխարէն, ինչպէս տեսանք օրինակներով, ապա ան կը նշանակէ նաեւ շահելիքիդ:
Çok para kazanacağına esenliğine dikkat yap.
Շատ դրամ շահելուդ փոխարէն՝ առողջութեանդ ուշադրութիւն ըրէ:
Bu borçunu kazanacağına kaydeterik.
Այս պարտքդ շահելիքիդ կ’արձանագրենք:
-- kalkmalı
Բայարմատն է kalk “կանգնիլ”, ածանցը՝malı:
Դերբայակերպը ինք ցոյց կու տայ կատարելի գործողութեան մը պատշաճութիւնը, անհրաժեշտութիւնը, պարտաւորիչ հանգամանքը. ուրեմն kalkmalı` պէտք է կանգնիլ, հարկ է կանգնիլ, պարտաւոր ենք վեր կենալ:
Ունի անդէմ եւ դիմաւոր կիրարկութիւններ. օրինակ՝
Այս տիղմէն դուրս գալու է:
Սա ընդհանրական միտք մըն է, որ կը վերաբերի բոլոր դէմքերուն եւ թիւերուն:
Դիմաւոր ձեւերը կու տան՝
çikmalıyım çikmalısın çikmalı çikmalıyız çikmalısınız çikmalılar
ելելու եմ ելլելու ես ելլելու է ելլելու ենք ելլելու էք ելլելու են
* * *
Թրքերէն կցականութեան նմուշներ
Avrupa Եւրոպա
Avrupalı Եւրոպացի
Avrupalılaş Եւրոպականացիր
Avrupalılaşter Եւրոպականացուր
Avrupalılaştırma Մի եւրոպականացներ
Avrupalılaştramadık Չկրցանք եւրոպականացնել
Avrupalılaştramadıklar Չեւ րո պա կա նա ցուա ծներ
Avrupalılaştramadıklarımız Անոնք որ չկրցանք եւրոպականացնել
Avrupalılaştıramadıklarımızdan Անոնցմէ որ չկրցանք եւրոպականացնել
Avrupalılaştıramadıklarımızdanmışsınız Անոնցմէ էք եղեր որ չկրցանք եւրոպականացնել
Avrupalılaştıramadıklarımızdanmışsınızcasına Անոնցմէ էք եղեր, որ չկրցանք փորձել եւրոպականացնել
Թրքերէն ամենաերկար բառը
muvaffakiyetsizleştiricileştiriveremeyebileceklerimizdenmişsinizcesine
Օժտուած է muvaffak յաջող-յաջողած արմատով: Ունի եօթանասուն տառ:
Կը նշանակէ՝ «Իբրեւ թէ դուք մէկն էիք անոնցմէ, որ մենք ի վիճակի չենք դիւրաւ այլափոխելու եւ դարձնելու մէկը որ ձախողութիւն կը բերէ»:
Արմենակ Եղիայեան