image
Հրատապ լուրեր:

LBCI կայանը Հալէպի մէջ կռուող ծագումով հայ երիտասարդի մը մասին տեսանիւթ ներկայացուց (Տեսանիւթ)

LBCI կայանը Հալէպի մէջ կռուող ծագումով հայ երիտասարդի մը մասին տեսանիւթ ներկայացուց (Տեսանիւթ)

LBCI կայանին փոխանցմամբ, լիբանանահայ արմատներ ունեցող աքթիւիսթ Թոնի Օրեան Հալէպ մեկնած է՝ մասնակցելու համար իսլամիստ խմբաւորումներուն դէմ տարուող մարտերուն: Աղբիւրը նաեւ տեղադրած է  կարճ տեսանիւթ մը, ուր  Թոնի Օրեան շրջապատուած է զինեալներով եւ  կ'ըսուի, թէ այդ զինեալները հայեր են եւ մաս կը կազմեն   Սուրիոյ բանակին  կողքին կռուող  «Ալ Քուտս» (Երուսաղէմ-խմբ.) ջոկատին: Օրեան, կարճ խօսքով հանդէս գալով կը ներկայացնէ  Հալէպի   մէջ ընթացող մարտերու կարեւորութիւնը  ըսելով, թէ «Ես   անոնց հետ եմ, որ   ամէն բան թողելով Սուրիա եկած են մասնակցելու համար աշխարհի  բոլոր սատանաներուն դէմ  ընթացող  մարտերուն»: Օրեան     Սուրիոյ մէջ եղածները նմանցուցած է 101  տարի առաջ հայութեան   դէմ եղած բռնադատումներուն եւ հալածանքին:  Նշենք, որ Օրեան կուսակցական աքթիւիսթ է, ան անդամ է Լիբանանի նախկին նախագահ Զօր. Միշէլ Աունի  ղեկավարած  «Ազգային ազատ հոսանք»ին:  Թոնի  Օրեանի  մասին   պատրաստուած տեսանիւթը  դիտելու համար սեղմել՝  այստեղ: