image
Հրատապ լուրեր:

Լաւրով խօսած է Լաչինի միջանցքի բացման կարեւորութեան մասին

Լաւրով խօսած է Լաչինի միջանցքի բացման կարեւորութեան մասին

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով 17 Յունուարին, յայտարարած է Լաչինի միջանցքը հնարաւորինս արագ ապաշրջափակելու անհրաժեշտութեան մասին: Այդ մասին ան խօսած է ատրպէյճանցի իր պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: 

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ նախարարները քննարկած են երկկողմ եւ տարածաշրջանային օրակարգի շարք մը արդիական հարցեր։

«Ռուսական կողմը ընդգծած է Լաչինի միջանցքի երկայնքով երթեւեկութեան հնարաւորինս արագ ապաշրջափակման անհրաժեշտութիւնը՝ 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի ամենաբարձր մակարդակով եռակողմ յայտարարութեան մէջ նշուած պայմաններու համաձայն: Ընդգծած է նաեւ բոլոր յարակից հարցերու շուրջ փոխընդունելի որոշումներու կայացման կարեւորութիւնը՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու պայմանաւորուածութիւններուն հիման վրայ վերսկսի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, առանցքային ուղիներու վրայ համապարփակ աշխատանքը վերսկսելու նպատակով»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։