image

«Լաւ պիտի ըլլար, եթէ օդանաւերը սուրիահայերով վերադառնային». Տ. Արմաշ Սրբազան

«Լաւ պիտի ըլլար, եթէ օդանաւերը սուրիահայերով վերադառնային». Տ. Արմաշ Սրբազան

«Լաւ պիտի ըլլար, եթէ մարդասիրական օգնութիւններ Լաթաքիա բերող օդանաւերը Հայաստան դատարկ չվերադառնային»,-«Արեւելք»ին յայտնեց Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան: Սրբազանը շարունակեց. «Ողջունելի է այս քայլը, բայց տեղի ունեցաւ առանց համակարգումի, այս մասին մեզմէ ոչ ոք տեղեակ էր, ու շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ այս մէկը հնարաւորութիւն տար այն սուրիահայերուն, որոնք կը փափաքին Հայաստան երթալ, այդ օդանաւերով երթան:

Մենք, իբր պատասխանատուներ, միշտ կը գնահատենք Սուրիոյ դերը եւ անոր նշանակութիւնը մեր կեանքին մէջ, շնորհակալ ենք անկէ, սակայն պայմանները այնպէս բերին, որ պատերազմ է, տեսական դրութիւն մը չէ: Իբրեւ ղեկավարներ մեզի միշտ կ′ըսեն, որ ջատագովն ենք Սուրիոյ եւ անոր խաղաղութեան, բայց այդ երբեք չենթադրէր, թէ մենք մեր յայտարարութիւններով մեր ժողովուրդին  կը թելադրենք մնալ կամ հառանալ հոսկէ»,- յայտնեց Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս.Նալպանտեան:

Սրբազան հայրը, ակնարկելով վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած եւ Սուրիա մնալ- չմնալու մասին եղած միտքերուն,  ըսաւ.  «Մարդիկ Սուրիա կը մնան, ըստ իրենց ընտանեկան որոշումներուն: Մեր պարտականութիւնն է՝ մեկնիլ ուզողները յորդորել, որ հայրենիք հաստատուին: Հայաստանի մէջ վկայութիւններ կան, թէ քանի մը հալէպահայեր կամ սուրիահայեր յաջողութիւն գտած են եւ իրենց աշխատանքն ու նիւթական կարիքները ապահոված են, ինչ որ քաջալերական պէտք է հանդիսանայ անոնց: Սակայն ան, որ պիտի մնայ, մեր պարտականութիւնն է օգտակար դառնալ եւ սատար կանգնիլ անոր: 

Քաղաքական վերլուծաբան ըլլալու կարիքը չկայ, որ ըսենք թէ պատերազմը երկար է: Շատ յստակ է թուրքին դերակատարութիւնը այս պատերազմին մէջ: Քանի մը անգամ յիշած եմ այդ, օրինակ՝ Տէր Զօրի եկեղեցին ի՞նչ ռազմական նշանակութիւն ունի: Չեմ ուզեր յաւակնութիւնը ունենալ ըսելու, թէ Թուրքիան յատուկ ծրագիր մը ունի, բայց այս բոլոր իրարանցումին մէջ իր հաշիւներն ալ կը մաքրէ: Այս բոլորին մէջ հիմնական օգնութիւնը, որ պէտք է ըլլայՙ  ապահովականն է, որովհետեւ պաշտպանութեան  եւ ապահովութեան խնդիր կայ: Ասկէ առաջ մի քանի դէպքեր եղած են, Քէսապի կամ նոյնիսկ Հալէպի հարցերուն սկզբնական շրջանին, երբ կապի մէջ եղած ենք տեղական պատասխանատու  մարմիններու  հետ, թէ՛ պաշտպանութեան նախարարութիւն, թէ՛ ներքին գործերու, որպէսզի յատուկ ձեւով իրենք իրենց պարտականութիւնը կատարեն հայաշատ թաղամասերուն մէջ: Անոնք իրենց նկատառումները, կարողութիւններն ու քաղաքականութիւնը ունին», -դիտել տուաւ Սրբազանը:

Սուրիոյ մէջ եղող ղեկավար կազմին կարողութիւններուն մասին խօսելով, սրբազան Նալպանտեան նշեց. «Հիմնականը, որ մեր ժողովուրդը կը քաջալերենք դիմանալու կամ մնալու, այդ կու գայ միայն նուիրատուութիւններու հաւաքուած կարողութիւններէն: Ինչպէս որ դպրոցներուն օժանդակութիւն կը կատարենք, ընտանիքներուն տան վարձքի, նիւթական, սննդական կամ առոջապահական հարցերով սատար կը կանգնինք: Բայց այս ալ կու գայ մէկ ուրիշ դժբախտ վիճակէ, որովհետեւ այլ ընտրանք չ′ունինք, իրենց հրամցնելու: Եթէ Հայաստան մնալու պարագաներ ըլլան, կարելի է, ինչ որ բան մը ընել: Մենք Սուրիոյ մէջ նստած, դուրսէն կը լսենք, որ գաղութը պէտք է պահուի, պէտք է մնայ: Թէ՛ ինչ գինով, մենք ենք անոր վկաները:

Անոնք, որոնք կ′ուզեն Հալէպէն դուրս գալ եւ նոյնիսկ տոմսերու գումարը չունին, մենք կ′օգնենք մեր անձնական ուժերով եւ բարերարներ գտնելով: Այնտեղ ալ խնդիրներու կը հանդիպինք: Անձնապէս ականատես եղած եմ, թէ ինչպէս 2 ընտանիքներու դէպի Հայաստան ճանապարհածախսը ապահովելէ ետք չմեկնեցան, որովհետեւ հոն իրենց դիմաւորող ու իրենցմով հետաքրքրուողներ չ′ունէին. իսկ Գանատայի եւ Աւստրալիոյ պարագային, այդ հանրաւորութիւնը ունին, որովհետեւ կը դիմաւորուին պետական աջակցութեամբ»,-մատնանշեց Սրբազան հայրը:

Ճգնաժամային այս օրերուն, իբր սուրիական համայնքի հովիւ, գաղութի տարհանման մասին իր կարծիքը «Արեւելք»-ին յայտնելով, ըսաւ. «Սուրիոյ մէջ տարհանումներ եղած են: Տարհանում անպայման չի նշանակեր համայնքի անդամները Սուրիայէն դուրս բերել: Կրնանք այդ նկատի ունենալ Հալէպի մէկ թաղամասէն միւսը տանիլ, կամ բոլորովին այլ շրջաններ փոխադրել, ինչպէս եղաւ Քէսապիկ ամ Հոմսի մէջ: Բայց Սուրիայէն դուրս, ո՛չ, թէկուզ ապահովական նկատառումներով, այդ քայլին չենք դիմեր, նոյնիսկ միջոցները չ′ունինք իբրեւ գաղութ: Ի վերջոյ, միայն տարհանելը չէ, այլ առօրեայի պաշտապանութեան հարցն ալ կայ: Մեր կարելիութիւնը կը հանդիսանայ նիւթապէս սատար կենալով այդ մարդոց, որոնք ճարահատ կ′ուզեն հոս մնալ: Անցեալ ամրան սկիզբը, երբ գրեթէ ամիս մը զինադադար յայտարարուեցաւ, քաջալերական եւ յուսադրիչ վիճակ մը ստեղծուեցաւ բոլորին մօտ: Կեանքը իր բնականոն ընթացքին կը դառնար, մոռցած էինք պատերազմական վիճակը, ակայն երբ զինադադարը ձախողեցաւ աւելի դժուար պարագայ ստեղծուեցաւ, մանաւանդ Հալէպի մէջ, ուր մեր գաղութին մեծամասնութիւնը կը գտնուի: Մէկ շաբթուան մէջ, հազարը անցնող ռումբեր ինկան: Ըստ երեւոյթին, մարդկանց այս արիւնարբու ախորժակը դեռ չէր վերացած: Այդ իսկ պատճառով կարելի է ենթադրել, թէ այսպիսի դժբախտ պարագաներ պիտի ունենանք: Քանի մը օր առաջ պատահածը՝ ամենամեծ ապացոյցն էր, թէ՛ Դամասկոսի եւ թէ՛ մանաւանդ Հալէպի մէջ»:

Տեղին է նշել, որ դամասկահայութիւնը քիչ մը աւելի ապահով պայմաններու մէջ է, համեմատած հալէպահայութեան հետ: Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ, վտանգը միշտ կայ, բայց շուտով կը կասեցուի: «Հիմա գրասենեակս նստած, օդանաւի ձայներ կը լսեմ, ինչ որ սովորական է: Հետեքրքրական է, սակայն, որ մասամբ ապահով թաղամասերու մէջ, կեանքը այնքան բնականոն կ′ընթանայ, որ նոյնիսկ միչեւ ուշ գիշեր սրճարաններ կը գործեն, իսկ 1 քմ անդին տուներ կը քանդուին»,- աւելցուց մեր զրուցակիցը:

Սրբազան Հայրը պատասխանաելով «Արեւելք»ի այն հարցին կապուած այս տագնապին առընթեր յառաջիկայ քայլերուն մասին ըսաւ «Քաղաքական գործիչներուն, թեմերուն, քաղաքական եւ մշակութային մեր բոլոր ղեկավարներուն ու մարմիններուն միասնական ամպիոն մը պէտք է ստեղծուի, համահայկական եւ ազգային քաղաքականութիւն մը մշակուի: Ի վերջոյ, երբեմն եւ յաճախ դժուար է մեզի համար, Սուրիոյ մէջ նստած, տեսնել, որ մարմիններու կամ անհատներու միջոցաւ օժանդակութիւններ կը հասնին եւ բոլորը՝ ընտանիք առ ընտանիք կը հեռանան Սուրիայէն եւ յետոյ մենք մեղադրուինք, թէ՝ Սուրիան պէտք է պահուի: Այս մարմինը կամ ամպիոնը, որ պէտք է ստեղծուի ապահովական լուծում տալու համար է: Կրնայ այդ լուծումը ըլլալ Սուրիոյ մէջ, մօտակայ շրջանի մը կամ հայրենիքի մէջ: Ի վերջոյ անհատական որոշում է: Մարդիկ կան, որոնք իսկապէս չեն ուզէր ելլել, որովհետեւ իրենց կայացած կեանքը այստեղ է, իրենց որոշումը պէտք է յարգենք», ներկայացուց Տ. Արմաշ:

«Ինծի համար մտահոգիչ է, երբ լսեմ, թէ՝ «Այսօրուան վիճակներուն հիմնական պատասխանատուն աւագանի խաւն է»: Գանատայի մէջ մարմիններ կան, որոնք ամէն ջանք կը թափեն, որպէսզի մարդիկ ելլեն այս երկրէն: Վստահ եմ, անոնք սուրիահայ գաղութը դատարկելու մտադրութիւնը չունին, բայց որ այնպէս է մենք կը պահե՞նք զիրենք կը ստիպե՞նք, որ դանակին տակ մնա՞ն: Երբ խօսինք մեր ստեղծած հարստութեան եւ սրբութիւններուն մասին, որ Սուրիոյ մէջ է այնպէս կը ստացուի, որ մենք ենք զիրենք պահողները: Մենք կը յարգենք բոլորին որոշումը եւ ըստ այնմ կ′օժանդակենք կամ մեր օրհնութիւնը կու տանք, եթէ ուրիշ երկիրներ պիտի երթան, իրենց տնտեսական վիճակը բարելաւելու կամ ապահովական պայմաններով ապրելու համար:

Նկատի պէտք է ունենանք, որ ծովափնեայ քաղաքներուն՝ Թարթուսի, Լաթաքիոյ եւ Քէսապի մէջ կենցաղային պայմանները շատ աւելի լաւ են: Սուրիոյ մէջ, քաղաքէ մը ուրիշը փոխադրուելու եւ հաստատուելու տրամադրութիւնը շատ խամրած է մարդոց մօտ: Ան որ ալ կ′երթայ միշտ սպասողական ճամպրուկային տրամադրութեամբ կ'երթայ, մինչեւ լուծում մը կամ ձեւ մը գտնէ շարունակելու դէպի ուրիշ ափեր: Անհատական պարագաներու հանդիպած եմ, որոնք Թարթուս հաստատուած ու գործ հիմնած, կը սպասեն Աւստրալիա երթալու իրենց թուղթերուն վաւերացման»,- շարունակեց ան:

Անդրադառնալով Դամասկոսի իրավիճակին հոգեւոր հայրը, յայտնեց. «Դամասկոսը այսպէս կոչուած կարմիր գիծ է, թէ միջազգային, թէ տեղական բայց 5 տարուան այս պատերազմը կամ ճգնաժամը, այնքան կարմիր գիծեր փոխեց, որ թէ հանգիստ ենք եւ թէ մտահոգ եւ պատրաստ, որ Աստուած մեզ փորձանքներէ հեռու պահէ: Մենք իբրեւ ղեկավարներ Սուրիոյ գաղութի՝ ըլլայ ես, միութենական կամ կուսակցական պատասխանատուները՝ կը փորձենք անհատական դիտանկիւնէ չնայիլ հարցերուն, որովհետեւ ընտանիք հասկացողութիւնը, իր անհատական եւ ապահովական միջոցները կը քննէ եւ կը կշռէ վերջնական որոշումի մը հասնելու համար: Ընդհանուրին նայելով, կը փորձենք մշակութային կեանք մը ստեղծել, որպէսզի մարդիկ առնչուին այդ կեանքին: Մեր ամենամեծ դժուարութիւնը, մեր դպրոցներուն պաշտպանութիւնն ու պահպանութիւնն է: Այսօր ծախսերը կրկնապատկուած ու տասնապատկուած են: Մարդիկ կան, որոնք անկարող են կրթաթոշակները վճարել: Բայց Դամասկոսի մէջ, դպրոցը կը շարունակուի բնականոն ձեւով»:

Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդը, «Արեւելք»-ին հետ իր զրոյցը եզրափակեց, ըսելով. «Կարելի չէ, «սահմանել կեանքը ընդեղէնի ու ջուրի կերպընկալ տակառներուն մէջ», շատ ճիշդ է: Բայց մենք, ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ ոչ այս ընդեղէնի եւ ջուրի մատակարարումը ապահովել, ուրիշ բաներու չենք ալ հասնիր: Հոգեկան եւ բարոյականն ալ՝ եկեղեցւոյ եւ աղօթքներու միջոցաւ մխիթարութիւն կը գտնենք: Իսկ Սուրիոյ հանդէպ մեր ունեցած սէրը տածելու պահը չէ հիմա: Մարդիկ կան, որոնք 30-40 տարիներ առաջ այս կամ այն պատճառով գաղթած են, սակայն անոնց սէրը Սուրիոյ հանդէպ չէ պակսած, ո՛չ ալ կը պակսի: Մենք իսկապէս երախտապարտ ենք Սուրիոյ: Անցեալ տարի ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին բազմիցս յայտարարեցինք այդ մէկը, այս տարի ալ Ցեղասպանութեան ձեռնարկ մը վերնագրած էինք. «Երախտապարտ ենք Սուրիա» խորագրով: Հալէպէն դուրս գաղութ ստեղծելու պարագան հետեւեալն է՝ եթէ այնտեղ հաւաքուած են մարդիկ կարելի է կազմակերպել: Թէ ո՞ւր կը հասնի, եկեղեցի կը գտնե՞ն, սրահ կ'առնուի՞, դպրոց կը բացուի՞, ցարդ յստակ չէ: Այդ մէկը ժամանակը ցոյց կու տայ, որովհետեւ թիւերը տակաւին կայուն չեն եւ չենք կրնար այդպիսի գումարներ տրամադրել ներկայ պահին»: