image

Լարսը կը շարունակէ մնալ փակ. Պատճառը եղանակային պայմաններն են

Լարսը կը շարունակէ մնալ փակ. Պատճառը եղանակային պայմաններն են

Վրաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ Իրավիճակներու բաժանմունքէն եւ ՌԴ ԱԻՆ Հիւսիսային Օսեթիոյ ճգնաժամային կառավարման կեդրոնէն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն՝ Ստեփանծմինտա-Լարս ճանապարհը ձնահիւսի վտանգի պատճառով փակ է բոլոր տիպի փոխադրային միջոցներու համար, ինչպէս նաեւ ռուսական կողմը կուտակուած են 340 բեռնատար ինքնաշարժներ:

ՀՀ ԱԳՆ-էն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն՝ օտարերկրացիներիու Վրաստան մուտքը արգիլող որոշումը կը շարունակուի ուժի մէջ մնալ։ Արգելքը չի վերաբերիր բեռնափոխադրումներուն:

Վարորդներուն խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել բացառապէս ձմեռային անուադողերով։