image

Լաչինի գծով բանակցութիւնները կը շարունակուին

Լաչինի գծով բանակցութիւնները կը շարունակուին

Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներու կատարումը: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Նշուած է, որ Ռուսիոյ խաղաղապահներու կողմէ 30 դիտակէտերու մէջ իրադրութեան շուրջօրեայ վերահսկողութիւն եւ կրակի դադրեցման ռեժիմի պահպանման վերահսկողութիւն կ'իրականացուի:

«Զօրախումբի հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու հետ՝ Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով (Լաչինի միջանցք – խմբ.) փոխադրային միջոցներու երթեւեկութիւնը վերականգնելու հարցով»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Պարեկութիւն իրականացուած է Մարտունիի եւ Մարտակերտի շրջաններուն մէջ եւ Լաչինի միջանցքը։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ ՌԴ խաղաղապահները Գորիս – Ստեփանակերտ երթուղիով ուղեկցած են մարդասիրական բեռով շարասիւնին։