Բրիտանական Փլիմուտի մէջ հրաձգութեան միջադէպի հետեւանքով զոհուած է առնուազն վեց մարդ, այդ շարքին ՝ կասկածեալը, յայտնած են Տեւոնի եւ Քորնուոլի ոստիկանները:
«Կը հաղորդուի վեց զոհի, այդ շարքին՝ կասկածեալի մասին ... Երկու կին եւ երկու տղամարդ մահացած են անմիջապէս: Մէկ այլ տղամարդ, ենթադրաբար յարձակողը, նոյնպէս մահացած է տեղուոյն վրայ: Բոլորը, ենթադրաբար, մահացած են հրազէնային վնասուածքներէ», - յայտնած է ոստիկանութիւնը:
Ոստիկանութիւնը դեռ չէ յայտնած միջադէպի պատճառներու մասին, սակայն չի դիտարկեր ահաբեկչութեան վարկածը կամ այլ կասկածեալներու հաւանական ներգրաւուածութիւնը: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել