image

Կիւլէնիստները «Ճերմակ-Օձիք» Ոճիրի Ամբաստանութիւններ Կը Դիմագրաւեն Ամերիկայի Մէջ

Կիւլէնիստները   «Ճերմակ-Օձիք» Ոճիրի Ամբաստանութիւններ Կը Դիմագրաւեն Ամերիկայի Մէջ

(Թուրքիա -«Տէյլի Սապահ»- Պոլիս) «Տէյլի Սապահ» կը տեղեկացնէ թէ, Սայլսպուրկ Բէնսիվէնիայի բնակիչ՝ Ֆէթհուլլա Կիւլէն, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած կարգ մը ահաբեկչական հետախուզումներուն գլխաւոր կասկածելին, խնդիրներ կը դիմագրաւէ նաեւ իր բնակած երկրին մէջ: FBI-ի հետազօտութիւնը ի յայտ բերած է խարդախութեամբ մեղադրուած դպրոցներու շղթայ մը (140 դպրոցներ 26 նահանգներու մէջ) կապուած Կիւլէնեան շարժումին: Անոնք կը մեղադրուին պետական միջոցներ վերահասցէաւորելով ձեռք բերել անձեր եւ հաստատութիւններ կապուած Կիւլէն շարժման հետ, որ անուանուած է Ֆէթհուլլա ահաբեկչական կազմակերպութիւն FETO: FBI-ը գրաւած է դպրոցներու շղթային վերաբերեալ համաձայնագրեր, փաստաթուղթեր կապուած ելէկտրոնային դրամաշնորհներու (3.9 միլիոն) պիւտճէով եւ դրամափոխանցումի փաստաթուղթեր:Վիքի Անտրսըն, Գլէվրլանտի մետիայի համակարգողը «Անատոլիա» լրատուական գործակալութեան ըսած է, «Ճերմակ-օձիք ոճիրի հետազօտութիւնը» առաջ կը տարուի եւ ինք աւելին չի բացայայտեր: Ան ըսած է, թէ մեղադրական եզրակացութիւնը կը հրապարակուի շուտով հաւատարմատարի գրասենեակին կողմէ:Կիւլէնեանները կը մեղադրուին նաեւ աշխատանքային վիզաներու համակարգը չարաշահելուն, թուրք ուսուցիչներ Միացեալ Նահանգներ բերելով: Հետազօտութիւնները յայտնաբերած են, որ այս ուսուցիչներու մօտ սահմանափակ են գիտելիքները եւ անգլերէն լեզուի իմացութիւնը, անոնց ստացած ամսականներուն մէկ մասը կը յատկացուէր Կիւլէնեան շարժումին:Այս առթիւ փաստաբան Ամսթերտամ ընդգծած է, թէ շարժումը ունի էական իշխանութիւն Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան մէջ: Ան նաեւ ըսած թէ, այս շարժումը ընդարձակ ազդեցութիւն ձեռք բերելու համար ֆոնտեր յատկացուցած է գոնկրէսականերու եւ սենաթորներու: