image

Կիրանցի դպրոցին մէջ եւս «Վերջին զանգ» է

Կիրանցի դպրոցին մէջ եւս «Վերջին զանգ» է

Ինչպէս՝ ամբողջ հանրապետութեան, այնպէս ալ Տաւուշի մարզի Կիրանց գիւղին մէջ եւս այսօր «Վերջին զանգ» է։ Գիւղի 9-ամեայ հիմնական դպրոցն այս տարի 8 շրջանաւարտ ունի։ Հակառակ լարուած, անորոշ իրավիճակին՝ դպրոցին մէջ տօնական միջոցառում կազմակերպուած է։

Նշենք, որ 9-ամեայ այս դպրոցի շէնքը վթարային է, գիւղին մէջ նոր դպրոց կը կառուցուի, որ շահագործման պէտք է յանձնուէր քանի մը ամսէն։ Սեպտեմբերին արդէն կիրանցեցի դպրոցականները նոր շէնքին մէջ պէտք է սորվէին, սակայն նոր դպրոցի ճակատագիրն այսօր անյայտ է։ Ըստ հրապարակուած քարտէզներու՝ սահմանազատման հետեւանքով սահմանագիծը պիտի անցնի նոր մասնաշէնքէն քանի մը տասնեակ մեթր հեռաւորութեան վրայ։

Անվտանգային առումով սա կը մտահոգէ գիւղացիները, բնակիչները կ՚ըսեն՝ համաձայն չեն իրենց երեխաները դպրոց ուղարկել՝ գիտնալով, որ թշնամին անոնցմէ ընդամէնը քանի մը քայլ հեռաւորութեան վրայ պիտի ըլլայ։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, խօսելով Կիրանցի դպրոցի նոր մասնաշէնքի մասին, առաջարկած էր դպրոցի շուրջը ծառեր տնկել կամ պատ կառուցել, եթէ սահմանի տեսադաշտի հոգեբանական խնդիր կայ։