image

«Խորքային Պետութիւն» Կամ Deep State

«Խորքային Պետութիւն»  Կամ Deep State

Թուրքիոյ «Խորքային պետութեան» մասին  խօսակցութիւնները աւելի   յաճախակի  դարձան  Հրանդ Տինքի   սպաննութիւնէն անմիջապէս ետք:     Տարբեր առիթներով, տարբեր հանգամանքներու տակ թրքական տարբեր խաւերու  մօտ  «խորքային պետութեան» մասին  խօսակցութիւնները  հետզհետէ դարձան աւելի   աշխուժ:  Հրանդ Տինքի  սպաննութիւնէն   մինչեւ քիւրտ     իրաւապաշտպան  Թահէր Էլչիի սպաննութիւնը լրատուական տարբեր գործակալութիւններ  յաճախ աննկատ,  երբեմն թաքուն կերպով  խօսեցան  այդ մասին  բայց  «խորքային պետութիւն»ը մնաց ստուերի  տակ: Քիչ  են  ըսողները, որ Օսմանեան կայսրութեան օրերէն  սկսեալ գուլիսային պայմաններու տակ գործող  համակարգը  կը  պահպանէ երէկ Օսմանեան  բայց  այսօր թրքական պետութեան  հիմքերը: Թուրքիան  այսօր  ձեւափոխուելով կը դառնայ՝ Նէօ-օսմանական: Թերեւս բնական է նաեւ, որ երկու  հակամարտող  էութիւններուն  այսինքն Նէօ- օսմանական կառոյցին եւ խորքային պետութեան միջեւ ըլլան բացայայտ հակատեսութիւններ: Հակասութիւնները մեծնալով կը դառնան  հակամարտութիւն  եւ կ'աճին   մութի    շերտերու տակ ու տարբեր առիթներով կը խօսուի  ձերբակալութիւններու մասին:  «Խորքային պետութիւն»ը կը  գործէ իր հաշիւներով:  Յաճախ   հաշուեյարդար կատարելով այն կառոյցներուն  հետ,   որոնք   «կը խանգարեն» թրքական պետութեան  ընդհանուր շահերը: Բացի ասկէ երեւելի է նաեւ, որ այս խմորումներու  հանգրուանը  կրնայ  ըլլալ  բեկումնային եւ Թուրքիոյ նոր օսմանականութեան  ջատագով այս իշխանութիւնները իրենց բոլոր լծակները գործի մղելով  պիտի   փորձեն իրենց մէջ «լուծարել» քեմալական Թուրքիայէն աւանդ մնացած բոլոր լծակները: Սուրիական տագնապին մէջ երեւելի  միջամտութեամբ, քիւրտերու հետ հաշուեյարդար կատարելու փորձերով եւ  քեմալական պետութիւնէն մնացած ուժերը  իրենց մէջ  «հալեցնելով» Նէօ- օսմանական Թուրքիան  պիտի դառնայ  ինչպէս որ սպասելի է, շրջանին մէջ իսլամութեան անունով  խօսող գլխաւոր ուժը եւ արեւմուտքի վստահելի նոր  պարիսպը: Այս հանգրուանին Թուրքիան կրնայ ենթարկուիլ մեծ ու փոքր ցնցումներու, որոնց ընթացքին պիտի փորձէ  պատգամներ յղել արեւմուտքին յաճախ գործածելով սուրիացի գաղթականներուն խաղաքարտերը: Կը մնայ հարցումը, արդեօ՞ք Պոլիսը ցնցած ահաբեկչական պայթումը  այդ պատգամներու  հանգրուանին նոր սկիզբ մըն է նկատի ունենալով նաեւ, որ  հոն ինկած զոհերուն մեծ տոկոսը  օտարազգիներ են:

Թուրքիան մեծ խաղերու հեղինակաւոր ներուժ ունի: Ներքին տուայտանքներու տարբեր շերտերէ անցած Էրտողանի Թուրքիան կը պատրաստուի Օսմանական նոր դրուածքով  մտնել  տարածաշրջանի կշիռներուն մէջ: Այս հանգրուանին է նաեւ, որ կրնան մեծ  հարուած կրել քիւրտերը  եւ   ազգայնամոլ թուրքերը:  Իսկ այս բոլորէն անդին  թրքահայերը պէտք է ամէն գնով հեռու մնան ծայրայեղական մօտեցումներէ եւ անհեռատես  յայտարարութիւններէ:

 «Խմբ.»