Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին Գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Թուրքիոյ հետ սկզբունքային տարաձայնութիւններ չկան, յարաբերութիւնները հիմնուած են բարի դրացիութեան եւ փոխադարձ շահերու վրայ, իսկ տարաձայնութիւններու պարագային «… ե՛ւ Ռուսաստանը, ե՛ւ Թուրքիան կը գտնեն շփման կէտեր եւ ուղիներ համագործութիւն գրանցելու եւ ջանքերը համադրելու համար: Ահա այդ ալ տեղի կ'ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»:
«Խրիմը լուրջ տարաձայնութիւններու կարգին է, այստեղ մենք տրամագծօրէն հակառակ տեսակէտներ ունինք: Մենք կը շարունակենք մեր թուրք գործընկերներուն հասցնել մեր հետեւողական դիրքորոշումը Խրիմի հարցով: Մենք մեր դիրքորոշումը կը հասցնենք մեր թուրք բարեկամներուն եւ կը շարունակենք այդ ընել բաւական համբերատարօրէն եւ հետեւողականօրէն», ըսած է Քրեմլինի խօսնակ՝ Տմիթրի Փեսքովը:
Փեսքով խօսած է նաեւ Ղարաբաղի պատկանելիութեան մասին: Ըստ որու՝ Ղարաբաղը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի բանաձեւերով Ատրպէյճանի տարածք է, ոչ ոք ճանաչած է Ղարաբաղի անկախութիւնը, ներառեալ Հայաստանը: Նախագահ՝ Փութին, 9 նոյեմբերէն ետք եւս քանի մը անգամ խօսած է այդ մասին, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածք է:
Ռուսաստանը թուրք բարեկամներուն համբերատարօրէն բացատրած է, որ Խրիմը ռուսական տարածք է, իսկ Ղարաբաղը՝ Ատրպէյճանի: Այն պարագային, երբ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջութիւնը ճանաչուած էր, իսկ Ալիեւը միշտ կը տրտնջար, որ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջութիւնը չի նշուիր միջազգային քիչ թէ շատ կարեւոր փաստաթղթերուն մէջ:
Ռուսաստանը թուրքերէն բացի ոչ մէկուն «համբերատարօրէն» չէ բացատրած իր դիրքորոշումը Խրիմի հարցով, բաւարարուելով «լաւ ըրած եմ » բնոյթի յայտարարութիւններով: Լաւրովեան ծրագրով Ռուսաստանը նոյնքան համբերատարօրէն «բացատրած է» թուրքերուն, որ Ղարաբաղը ատրպէյճանական տարածք է: Բայց, միւս կողմէն, այդ տրամաբանութեամբ թուրքերը կը դնեն Խրիմի հարցը, լուրջ դերակատարութիւն ստանձնելով Խրիմի հարթակին մէջ:
Ըստ ամենայնի, ռուս-թրքական մշտադիտարկման հերթական կեդրոնը կը բացուի Խրիմի մէջ, եւ շահերու համադրման նոր հանգրուանին «տարաձայնութիւնները» կը վերաբերին, թէ ուր պիտի տեղակայուի այդ կեդրոնը՝ Խրիմի, թէ բուն Ուքրանիոյ տարածքին մէջ: