image

«Խնդիրը մեր զինուորներու հոգեբարոյական վիճակն է». Պապիկեան Սիւնիք այցելած (Տեսանիւթ)

«Խնդիրը մեր զինուորներու  հոգեբարոյական վիճակն է». Պապիկեան Սիւնիք այցելած (Տեսանիւթ)

Մարտ 17-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան աշխատանքային այցով եղա է Սիւնիքի մարզ:

Զօրամասերէն մէկուն մէջ սպաներու հետ հանդիպման ընթացքին նախարարը անդրադարձած է անցեալ օրերուն զօրամիաւորման ենթակայ զօրամասերուն մէջ արձանագրուած միջադէպերուն:

Սուրէն Պապիկեան ընդգծած է, որ տեղի ունեցածը որոշ ստորաբաժանումներում մէջ կարգապահութեան, ինչպէս նաեւ առանձին զինուորներու բարոյահոգեբանական ոչ-պատշաճ մակարդակի հետեւանք է: Լսելով միջադէպերու վերաբերեալ պատասխանատու սպաներու զեկոյցները` պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը զօրամիաւորման հրամանատարին տուած է ցուցումներ եւ յանձնարարականներ, նմանօրինակ դէպքերը բացառելու նպատակով անհրաժեշտ միջոցառումներ ձեռնարկելու վերաբերեալ:

Աշխատանքային այցի ընթացքին Սուրէն Պապիկեանը եղած է նաեւ Ներքին Հանդ համայնքին յարակից սահամանագօտիին մէջ, ուր զօրամիաւորման հրամանատար, աօրավար Արտակ Բուտաղեանը ներկայացուցած է տուեալ հատուածին մէջ առկայ իրավիճակը:

Պաշտպանութեան նախարարը այցելած է նաեւ հիմնանորոգուող զօրամասի շինհրապարակ եւ ծանօթացած է շինարարական աշխատանքներու ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ երէկ ՊՆ–ն յայտնած է երկու զոհի մասին: