Ամերիկայի հեռացումը կովկասեան տարածաշրջանէն կրնայ մեծապէս ազդել Հայաստանի վրայ: Այդպիսով Երեւան կը կորսնցնէ աջակից երկիր մը, որ վերջին տարիներուն նեցուկ հանդիսացաւ Հայաստանին ու կարողացաւ շատ մը պարագաներուն զսպել Ատրպէյճանի ախորժակները:
Կը մաղթենք, որ մեր կանխատեսումները սխալ դուրս կու գան ու Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ վարել նոյն արտաքին քաղաքականութիւնը` Ատրպէյճանին զրկելով աւելի նպաստաւոր քաղաքական միջավայր ունենալու հնարաւորութենէն:
Հայաստան պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ մէկ ամսուայ ընթացքին Ատրպէյճանի հետ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիր: Սակայն Ալիեւի իշխանութիւնը չաճապարեր այդ ուղղութեամբ շարժելու եւ ընդհակառակը` նոր պահանջներ կը ներկայացնէ, որոնցմէ գլխաւորը սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցն է, առարկելով թէ Հայաստանի մայր օրէնքի նախաբանին մէջ կայ յօտուած` Արցախը հայաստանին միանալու մասին եւ զայն կը նկատէ վտանգ իր «հողային ամբողջականութեան»:
Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքըն վերջերս խօսած է Ալիեւի հետ, քաջալերելով, որ ան կարճ ժամանակուայ մէջ ստորագրէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը: Քաղաքական շրջանակներու մօտ սակայն կայ այն համոզմունքը, որ Պաքու պատրաստ չէ այդ քայլը առնելու` սպասելով Նոյեմբերին կայանալիք Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններուն եւ յուսալով, որ Սպիտակ Տուն կը վերադառնայ նախկին նախագահ Տանոլտ Թրամփը:
Թրամփի ընտրութիւնը կրնայ նպաստաւոր ըլլալ Ատրպէյճանի համար` մէկէ աւելի պատճառներով: Անոր նախագահութեան առաջին շրջանը ցոյց տուաւ, որ ան երբեք չէ ուզած ուշադրութիւն կեդրոնացնել միջազգային հարցերու վրայ` ի բացառեալ Իսրայէլէն եւ Ռուսաստանէն: Փաստուած է, որ ան կը մերժէր ծանօթանալ իրեն ներկայացուող ամէնօրեայ տեղեկագիրներուն, որոնք կը վերաբերէին աշխարհի տարբեր անկուներուն տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն մէջ Կովկասը կրնայ դառնալ շատ աննշան վայր մը, որուն վրայ չարժեր ուշադրութիւն դարձնել:
Ալիեւ պիտի ուզէր, որ Ամերիկայի յաջորդ պետական քարտուղարը զինք անհանգիստ չընէ յաճախակի հեռաձայներով ու պահանջներ ներկայացնելով: Պաքու Ամերիկայի ներկայ վարչակարգի վարած քաղաքականութիւնը կը նկատէ հայանպաստ եւ որքան շուտ ազատի անոր միջամտութիւններէն, այնքան լաւ իրեն համար:
Թրամփի համար ամէն ինչ եղած է գործարքային: Այսինքն ան միշտ եղած է հետամուտ` փնտռելու իր քաղաքական եւ անձնական շահերը` իր ունենալիք դիրքորոշումներուն ընթացքին: Այդ իմաստով կովկասեան տարածաշրջանէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւնները իրեն համար ոչ մէկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն: Ընդհակառակը, իր համար աւելի կարեւոր հարց է Պաքուի մէջ իր անունով աշտարակ կառուցելու հարցը, որ անցեալին իր զաւակներուն կողմէ հետապնդուած է, սակայն մինչեւ օրս իրականութիւն չէ դարձած:
Ալիեւին կը յուսադրեն նաեւ Թրամփ-Էրտողան սերտ յարաբերութիւնները, որոնց յաճախ անդրադարձած են Ամերիկեան թերթերը, յիշելով որ անոր պաշտօնավարման չորս տարիներուն Թրամփ ամենէն աւելի շատ հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ նախագահին հետ եւ ո’չ թէ Ամերիկայի աւելի մօտ դաշնակից երկիրներու ղեկավարներուն հետ:
Տանոլտ Թրամփ ունի վերընտրուելու բաւականին լաւ հաւանականութիւն, թէեւ վերջին օրերուն կատարուող հանրային կարծիքի հարցախոյզերը ցոյց կու տան, որ նախագահ Պայտըն չնչին տարբերութեամբ առաջ անցած է: Մինչեւ ընտրութիւնները կայ շուրջ չորս ամիս եւ քաղաքականութեան մէջ այդ կը նկատուի շատ երկար ժամանակ, որուն ընթացքին շատ բան կրնայ փոխուիլ ժողովուրդի տրամադրութեան մէջ:
Ամերիկայի հեռացումը կովկասեան տարածաշրջանէն կրնայ մեծապէս ազդել Հայաստանի վրայ: Այդպիսով Երեւան կը կորսնցնէ աջակից երկիր մը, որ վերջին տարիներուն նեցուկ հանդիսացաւ Հայաստանին ու կարողացաւ շատ մը պարագաներուն զսպել Ատրպէյճանի ախորժակները:
Կը մաղթենք, որ մեր կանխատեսումները սխալ դուրս կու գան ու Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ վարել նոյն արտաքին քաղաքականութիւնը` Ատրպէյճանին զրկելով աւելի նպաստաւոր քաղաքական միջավայր ունենալու հնարաւորութենէն:
Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»