image

Խմբագրական «Ազդակ»ի. Հայկական յաղթաթուղթը կամ Անգարայի ախտանիշը (Սեւրի համաձայնագիրի 103-ամեակին առիթով)

Խմբագրական «Ազդակ»ի. Հայկական յաղթաթուղթը կամ Անգարայի ախտանիշը (Սեւրի համաձայնագիրի 103-ամեակին առիթով)

Սեւրը աշխարհաքաղաքականութիւն է եւ հայոց համար պատմական իրաւունքներու վերականգնման յաղթաթուղթ: Աշխարհաքաղաքականութեան փոփոխութեան առընթեր սեւրեան ծրագիրները կրնան վերադառնալ: Կարեւորը Սեւրի գաղափարներէն չհրաժարիլն է: Կարեւորը պահանջատիրութեան տեսլականը վառ պահելն է:

 

Սեւրի պայմանագիրը հայ իրաւաքաղաքական միտքը անքակտելիօրէն կը կապէ ամիսներ ետք կայացած Իրաւարար վճիռին: Սեւրը ատով նշանակութիւն կ՛ունենայ հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ պայմանագիրի շրջանակներուն մէջ կ՛իյնայ Միացեալ Նահանգներու նախագահին տրուած լիազօրութիւնը:

Սեւրով եւ Իրաւարար վճիռով հայկական դիւանագիտութիւնը բարձրակէտ ապահովեց: Անշուշտ ընկալելի է, որ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, Թուրքիոյ մասնատման ծրագիրը արագացուցին ընթացքը, բայց այդ պայմաններուն մէջ հայկական կողմը ձեռք բերաւ առաւելագոյնը: Աշխարհաքաղաքական միտումներու փոփոխութեան պատճառով Սեւրը չվաւերացուեցաւ, Լոզանը  գրաւեց առաջնային դիրք եւ Իրաւարար վճիռը եւս մնաց թուղթի վրայ:

Քանի մը ընտրովի իրաւադրոյթ կարելի է լոյսին բերել այս առիթով, անոնց այժմէական հնչեղութիւնը նկատելով:

Սեւրով համաձայնութիւն գոյացաւ, որ Վրաստանը, Հայաստանը, Ազրպէյճանը եւ Պարսկաստանը Պաթումի նաւահանգիստով ազատ մուտք ունենան դէպի Սեւ ծով: Դաշնակիցները բարեացակամօրէն կը վերաբերէին Կարսէն Ճորոխ հովիտով դէպի Պաթում Հայկական միջանցքի գաղափարին, սակայն պայմանագիրը ստորագրելու պահուն Վրաստանը անոր փոխարէն հայերուն առաջարկեց երկաթուղի կառուցել Վրաստանի տարածքով: Եւ  քանի որ տակաւին յայտնի չէր: Տրապիզոնի նաւահանգիստը Հայաստանի մէջ կը ներառուի՞, թէ՞ ոչ, ապա յատուկ յօդուածով Հայաստանին կ՛ապահովէին տարանցիկ արտօնութիւններ ու այդ նաւահանգիստի մէկ մասի առյաւէտ վարձակալութիւն:

Դէպի ծով ելքը, տարանցիկութիւնը, Պարսկաստանի ներգրաւուածութիւնը, Վրաստանի փակ-բաց խաղը կը յիշեցնեն այսօր հետզհետէ ախուժօրէն արծարծուող Պարսից ծոց-Սեւ ծով հայաստանեան տարանցիկութեամբ Իրանին համար կենսաճանապարհ նկատուող նոր հաղորդուղիի ծրագիրը: Իսկ Վրաստանի, Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Իրանի գիծին տնտեսական նոր տարողութիւն հաղորդելու վերաբերող սեւրեան համաձայնութիւնը այդ օրերու 3+3-ի  տարբերակն է, առանց Թուրքիոյ մասին նշում կատարելու:

Երկրորդ լուսարձակ խլող կէտը նախկին Սէուտական Արաբիոյ առկայութիւնն է Սեւրի համաձայնական կէտերուն մէջ:

Սեւրը ի վերջոյ  Համաշխարհային Ա. պատերազմին յաղթած դաշնակից պետութիւններու (Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Ճափոն,Պելճիքա, Յունաստան, Լեհաստան, Փորթուգալ, Ռումանիա, Հայաստան, Չեխոսլովաքիա, Սերպերու, խրուաթներու եւ սլովաքներու թագաւորութիւն (Հարաւսլավիա) եւ Հեճազի  (ներկայի Սէուտական Արաբիան) միջեւ:

Կարճ. Սէուտական Արաբիան Հեճազի իրաւաժառանգորդն է, իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` առաջին հանրապետութեան: Այս հանգամանքի վերարծարծումը` Սէուտական Արաբիոյ պատմական ճանաչումը Հայաստանի Հանրապետութեան, կարեւոր է: Նախադրեալներ կան, որոնք մտածել կու տան Ռիատի դէպի Երեւանի ճանաչում տանող ճանապարհին մասին: Այդ ճանաչումը կարեւոր է նաեւ Անգարայի հետ Ռիատի ունեցած յարաբերութիւններու վերիվայրումները նկատի ունենալով: Մանաւանդ Թուրքիոյ համար ախտանիշի վերածուած Սեւրը քաղաքական պատեհ առիթին յիշեցնելու ուղղութեամբ:

Սեւրի գաղափարը ձեւակերպուած է Անկախութեան հռչակագիրին մէջ` պատմական իրաւունքներու վերականգնման կամ համայն հայութեան իղձերու կենսագործման առաջադրանքներով: Աւելի ուշ, Սեւրի այժմէական եւ իրաւական նշանակութեան մասին պաշտօնական յայտարարութիւն կատարեց երրորդ նախագահը: Սեւրն ու Իրաւարար վճիռը իբրեւ հատուցման թղթածրարի կարեւորագոյն ուղենիշ բանաձեւուեցան Համահայկական հռչակագիրին մէջ:

Այս դրոյթները այսօր դուրս եկած են պետական բառապաշարէն եւ աշխատանքային թուղթերէն: Միայն ձեւակերպումները չէ որ դուրս եկած են: Գաղափարախօսութիւնն ու այդ առաջադրանքներուն ընդառաջ քաղաքականութիւնը ի սպառ կը բացակային պետական համապատասխան գերատեսչութիւններուն մօտ:

Սեւրը աշխարհաքաղաքականութիւն է եւ հայոց համար պատմական իրաւունքներու վերականգնման յաղթաթուղթ: Աշխարհաքաղաքականութեան փոփոխութեան առընթեր սեւրեան ծրագիրները կրնան վերադառնալ: Կարեւորը Սեւրի գաղափարներէն չհրաժարիլն է: Կարեւորը պահանջատիրութեան տեսլականը վառ պահելն է: