image
Հրատապ լուրեր:

Խմբագրական «Ազդակ»ի. Հազիւ եւ դիւրաբեկ մեծամասնութեամբ չի պայմանաւորուիր նախագահի ընտրութիւնը

Խմբագրական «Ազդակ»ի. Հազիւ եւ դիւրաբեկ մեծամասնութեամբ չի պայմանաւորուիր նախագահի ընտրութիւնը

Լիբանանեան քաղաքական մշակոյթին ծանօթները կը գիտակցին, որ հազիւ մեծամասնութիւն գոյացնելով կարելի չէ նախագահ ընտրել, յատկապէս նման պայմաններու մէջ: Նման քայլ մը, նոյնիսկ եթէ կարելիութիւնը ստեղծուի, ծանր հետեւանքներ կ՛ունենայ յետցնցումային իրավիճակներ խոստանալով:

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան օրակարգը թեւակոխեց նոր փուլ, երբ ընդդիմութեան առաջադրած թեկնածուին իր համաձայնութիւնը պաշտօնապէս յայտնեց Ազգային ազատ հոսանքը:

Թեկնածուի շուրջ կայացած այս առաջադրումի միաւորումը այլ երանգ կը պարփակէ իր մէջ: Նախագահական աթոռը քրիստոնեայ թիւով մեծագոյն համայնքին առանձնաշնորհուած է: Այս ձեւով քրիստոնեայ քաղաքական դաշտի յենասիւները կազմող գլխաւոր ուժերը, որոնք այլապէս քաղաքականօրէն հակոտնեայ դիրքերու վրայ են, կը համաձայնին նոյն թեկնածուն առաջադրելու:

Միանշանակ պէտք չէ ընկալել երեւոյթը: Եթէ Լիբանանեան ուժերը Մուաուատի թեկնածութիւնը առաջադրելէ ետք կը  հակին դէպի Ժիհատ Ազուր, քաղաքական ուղեգիծի կտրուկ փոփոխութիւն չէ, որ կը կատարեն:

Տարբեր է պարագան Ազգային ազատ հոսանքին, որ հիմա կը միանայ Ազուրը առաջադրողներուն: Ազուրը հիմնականին մէջ առաջադրուած է ընդդիմութեան կողմէ: Ընդդիմութիւնը ըստ էութեան նախորդ վարչակարգին դէմ գոյացած եւ ձեւաւորուած ընդդիմութիւն է: Վարչակարգը դիմագծուած է Ազգային ազատ հոսանքով: Այստեղ ոչ միայն շրջանային ուժերու եւ գլխաւոր խաղցողներու ուղղութեամբ հակասութիւնները սուր էին, այլ նաեւ ներլիբանանեան խնդիրներու:

Ազուրի բնութագիրը աւելի կապուած է ելեւմտական դաշտին հետ: Իր քաղաքական յետագիծը եւս` իբրեւ ելեւմուտքի հարցերու երբեմնի նախարար: Աւելի մասնակի` սերտօրէն առնչուած նախկին վարչապետ ու նախարար Սինիորայի, այլ խօսքով` հարիրիական վարչակազմին:

Միջազգային նախապայմանները Պէյրութին ուղղուած, թէկուզ պատրուակային, իբրեւ առանցք ունին վարչակառավարման բարեփոխումները, արտաքին պարտքի ահագնացումի պատճառ հանդիսացած մսխումներու կասեցման եւ պետական պիւտճէի վերականգնման միջոցներու որդեգրումը: Պիւտճէական բացերու գոյացման եւ աստղաբաշխական գումարներու  կուտակման երեւոյթները կապուած են այդ օրերուն գործած ֆինանսական համակարգին հետ:

Լիբանանի բազմաբնոյթ ճգնաժամերէն ամէնէն շատ զգալիները ֆինանսականը եւ տնտեսականն են: Թեկնածուին ասպարէզն ու մասնագիտութիւնը կը կապուին այդ ոլորտին հետ: Իր զբաղեցուցած ներկայ պաշտօնը` եւս: Ան կը գործէ Միջազգային դրամական ֆոնտի միջինարեւելեան գրասենեակին մէջ: Միջազգային դրամական ֆոնտը  կարեւորագոյն հաստատութիւններէն է, որ ֆինանսական պաշարումի ենթարկած է Լիբանանը` անդամալուծելով դրամատնային համակարգը:

Նման կերպարի առաջադրումը ուղերձ ունի` ապապաշարման առումով: Բայց այստեղ չ՛աւարտիր միտքերու շարունակականութեան տրամաբանութիւնը:

Ֆրանսան, որ նախագահի ընտրութեան օրակարգով ամէնէն ներգրաւուածը կը թուի, կատարեց շատ կարեւոր յայտարարութիւն` իշխանամէտ շրջանակներու առաջադրած թեկնածուն` Ֆրենժիէն չբացառելու իբրեւ ընտրելի նախագահ: Դիւանագիտական ըսելաձեւով` նախընտրելի է Ֆրենժիէն, քան նախագահի դատարկ աթոռը, կ՛ենթադրէ, որ չկայ վեթօ Ֆրենժիէի անունին նկատմամբ: Աւելի՛ն. կրնայ ըլլալ համաձայնութիւն` Ֆրենժիէի անունին շուրջ:

Լիբանանեան քաղաքական մշակոյթին ծանօթները կը գիտակցին, որ հազիւ մեծամասնութիւն գոյացնելով կարելի չէ նախագահ ընտրել, յատկապէս նման պայմաններու մէջ: Նման քայլ մը, նոյնիսկ եթէ կարելիութիւնը ստեղծուի, ծանր հետեւանքներ կ՛ունենայ յետցնցումային իրավիճակներ խոստանալով:

Խորհրդարանի նախագահին փոխանցած թեկնածուէն ակնկալուած յատկանիշները չեն սահմանափակուիր լիբանանեան առաջադրանքներով: Պըրրի կը խօսի արաբական շրջանակներու կողմէ ընդունուած եւ  հաւաստիութիւն, վստահութիւն ամբարած ըլլալու անհրաժեշտութեան մասին:

Ազգային Ազատ հոսանքի դիրքորոշումը անպայման չ՛երաշխաւորեր ուրեմն Ազուրի ընտրութիւնը: Կրնայ նպաստել Ֆրենժիէ-Ազուր երկուութեան սրացման եւ երրորդ թեկնածուի ուղղութեամբ հաւանականութեան դուռ բանալուն: Հետեւաբար` Ֆրենժիէի բացառման:

Լիբանանի մէջ պաշտօնական առաջադրումները եւ խորհրդարանական խմբակցութիւններու քուէագումարը բաւարար չէ նախագահ ընտրելու: Նման բարդ պայմաններու մէջ, միայն համալիբանանեան համախոհութիւնն է, որ կրնայ ընտրել հանրապետութեան նախագահ: Մանաւանդ որ փաթեթային-համապարփակ համաձայնութիւնը օրակարգային է, եւ հազիւ գոյանալիք ու դիւրաբեկ մեծամասնութիւն մը չի  կրնար առարկայացնել թղթածրարին նոյնքան բարդ միւս գլուխները:

14 յունիսին ճշդուած է խորհրդարանի նիստ: Կարճ ժամկէտ է այդ բոլոր համաձայնութիւնները գոյացնելու: Տարածաշրջանային ուժերու միջեւ տակաւին չեն երեւար արագ հանգուցալուծումի առաջնորդող շարժումներ:

 

«Ա.»