ԱՄՆ Սենաթը հինգշաբթի ընդունած է բանաձեւ, որով Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ արքայազն Մուհամմատ Պըն Սըլման կը մեղադրուի սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշըքճիի մահուան մէջ։
Յիշեցնենք, որ Խաշըքճին, որ եղած է Washington Post ամերիկեան պարբերականի թղթակիցն ու 2017 թուականէն բնակած ԱՄՆ-ի մէջ, անհետացած էր Թուրքիոյ մէջ 2 հոկտեմբերին, երբ մտած էր Պոլսոյ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնք։
Բանաձեւի հեղինակները կը պնդեն, որպէսզի Ռիատը պատասխանատուութեան ենթարկէ բոլոր անոնց, որոնք ներգրաւուած են լրագրողի սպանութեան գործին մէջ:
Ամերիկացի օրէնսդիրները ընդունած են նաեւ բանաձեւ՝ Եէմէնի մէջ ընթացող պատերազմին սէուտցիներուն ռազմական օգնութեան տրամադրումը դադրեցնելու մասին։ Բանաձեւը դեռ օրէնքի կարգավիճակ չունի, եւ անոր համար կը պահանջուին շարք մը յաւելեալ քայլեր։