image

Խամէնիյի Կը Քննադատէ Րոհանին

Խամէնիյի  Կը Քննադատէ  Րոհանին

(«Ալ Հայաթ»- Լոնտոն) Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամէնիի  երէկ ներքին կարգով քննադատեց նախագահ Հասան Րոհանիի արտաքին քաղաքականութիւնը, զայն որակելով «պարզունակ», կրկին անգամ մերժելով որեւէ երկխօսութիւն Միացեալ Նահանգներուն հետ, միջուկային համաձայնութիւնը կնքուելէն ետք:

Ան ըսաւ «Իրանի հետ Ամերիկայի համաձայնագիրը կը նշանակէ ներխուժում, Ամերիկացիները կ'ուզեն ճամբայ բանալ իրենց կամքը պարտադրելու համար: Իրան կը մերժէ թշնամիի ներխուժումը, եւ   մենք կարելիութեան սահմաններուն մէջ արգելք հանդիսացանք տարածքաշրջանին մէջ անոր ծրագիրներու գործադրման»: Ծովային ուժերու «յեղափոխական պահակախումբ»ի առաջնորդի հետ հանդիպման ընթացքին  Խամէնիյի աւելցուց, թէ «Ամերիկայի հետ երկխօսութիւնը կը նշանակէ նախապատրաստումը անոր տնտեսական, մշակութային, քաղաքական եւ ապահովական ներխուժմանը: Նոյնիսկ միջուկային համաձայնագրի ընթացքին, Ամերիկա առիթ գտաւ, փորձեց վնաս հասցընել մեր ազգային շահերուն, համաձայնող մեր կողմը արթուն էր. զգուշացէք Ամերիկայի հետ համաձայնութիւն կնքելէ, անարդիւք է եւ անհամար վնասներ կը պարփակէ» ըսաւ ան:

Խամէնիի   շարունակեց «Ամերիկացիները համաձայնագրի միջոցաւ կը փորձեն ազդել Իրանի վրայ, երկրի մէջ տիրող տագնապին պատճառը անտարբեր, թեթեւամիտ, իրականութիւնները չըմբռնող մարդիկ են, այսպիսիները փոքրամասնութիւն են մեծ թիւով յեղափոխական, հեռատես, գիտակից երկրի ժողովուրդին բաղդատելով, սակայն այս փոքրամասնութիւնը աշխոյժ է, կը գրէ, կը բողոքէ եւ թշնամին կ'օգնէ անոնց»:

Ան զգուշացուց թէ «Իրան անբարւոք դիրքի վրայ կը գտնուի, որովհետեւ թշնամիները կը փորձեն փոխել մեր պատասխանատուներուն, ժողովուրդին մտայնութիւնը եւ աւելցուց թէ «Մասնաւորապէս մեր երիտասարդները թիրախ են, բայց համալսարանները, զինուժը արթուն են, գործունեայ, ես մտահոգ չեմ»:

Նոյն ատեն «Րիսալաթ» թերթին օրինագիծի վերատեսութեան պատասխանատու Ահմատ Ճնդին փոխանցեց, թէ  «Մարդիկ կը փորձեն Միացեալ նահանգները ներկայացնել որպէս ազատագրող: Միջուկային համաձայնութեամբ ան կրցաւ իրականացնել այն ինչ որ պատերազմով կարելի չէր»:

Խամէնիյի եւ Ճնդիի բացայայտումները կը հակադրուին Րոհանիի ծրագրին, աշխարհի հետ քայլ պահելու, Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութեան պատրաստակամութեամբ հարցեր լուծելու, ինչպէս Սուրիական պատերազմը, նաեւ կը զուգադիպի քանի մը օր ետք Նիու Եորքի մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ժաուատ Զարիֆի եւ Պարաք Օպամայի միջեւ եղած  « ձեռքսեղմումին» երբ կը մասնակցէին ՄԱԿի ժողովին: Պահպանողական իշխանաւորները ձեռքսեղմումը համարեցին Իրանեան յեղափոխութեան հանդէպ «դաւաճանութիւն» եւ այս պատահարի համար հարցաքննութեան հրաւիրեցին Զարիֆը որ քանիցս Քէրիի հետ ձեռնուած էր: Ըստ Զարիֆի, Օպամայի հետ պատահած ձեռքսեղմումը պատահական էր, այն հարցումին թէ ինչ պիտի արժէր այդ մէկը Իրանի մէջ, ան պատասխանեց «Ինչ որ կ'ընեմ իմ երկրիս մէջ ինծի համար արժէք ունի, հետեւաբար շեղում չէ»:

Իսկ Ուաշինթընի հետ երկխօսութիւն ընելու հաւանականութեան մասին ըսաւ «Եթէ մնանք նոյն գիծի վրայ եւ կրցանք բարի կամքով շարունակել միջուկային համաձայնութիւնը, վստահութեամբ կրնանք այլ հարցեր կարգաւորել»: