Լիբանանի Խալտէ շրջանին մէջ քիչ առաջ բախումներ սկսած են: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ լիբանանեան լրասփիւռներէ:
Աղբիւրները կը յայտնեն, որ մինչ երէկ գիշեր զոհուծ «Հըզպալլա»ի անդամ Ալի Շըպլիի թաղման թափօրը կը մօտենար Խալտէին, անյայտ անձինք կրակ բացած են թափօրին ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով զոհուած են 2 անձեր:
Միջադէպէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցած են տարաբնոյթ բախումներ մէկ կողմէն՝ «Հըզպալլա»ի զինեալներու եւ միւս կողմէ շրջանի զինեալ միաւորումներուն միջեւ:
Մինչեւ այս պահը զոհերու թիւը հասած է 6-ի եւ կան տասնեակ վիրաւորեալներ:
Կը նշուի նաեւ որ Լիբանանի Կարմիր Խաչը կոչ ուղղած է բոլոր կողմերուն դադրեցնելու կրակը, որպէսզի կարենայ դուրս բերել վիրաւորները:
Նոյն աղբիւրը նաեւ նշած է, որ վիրաւորներուն մէջ կայ «Հըզպալլա»ի բարձրաստիճան պատասխանատու մը, որուն անունը մինչեւ այս պահը չի նշուիր:
Յայտնենք, որ երէկ գիշեր պսակի արարողութեան ընթացքին անծանօթ զինեալներ կրակ բացած ու սպաննած էին «Հըզպալլա»ի անդամ Ալի Շըպլին եւ դէպքը կապ ունէր մէկ տարի առաջ Խալտէի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի բախումներուն հետ: