Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Տրակին ըսած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ «խաղաղութեան համար յոյս չէ տեսած»: Տրակին այս մասին ըսած է` ի պատասխան լրագրողի հարցին:
Փութինի հետ Մայիս 26-ին անոր զրոյցը հիմնականին մէջ կեդրոնացած էր Ուքրանիայէն հացահատիկի մատակարարումներու արգելակման պատճառով համաշխարհային պարէնային ճգնաժամի սպառնալիքին վրայ: Տրակիի խօսքով` Փութին ըսած է, որ ուքրանական նաւահանգիստները արգելափակուած են Քիեւի մեղքով, որ, Ռուսիոյ նախագահին խօսքով, ականապատած է անոնց ճանապարհները:
Իտալիոյ վարչապետին խօսքով` իրավիճակը կարելի է կարգաւորել` մաքրելով ջուրերը եւ Ռուսիոյ երաշխիքներ տրամադրելով, որ նաւահանգիստները պիտի չենթարկուին յարձակումներու:
Փութինը նաեւ, ըստ Քրեմլի, Տրակիին ըսած է, որ Ռուսաստանը «պատրաստ է զգալի ներդրում ունենալու պարէնային ճգնաժամի յաղթահարման գործին մէջ հացահատիկի եւ պարարտանիւթերու արտահանման միջոցով` Արեւմուտքի կողմէ քաղաքական դրդապատճառներով սահմանափակումներու վերացման պարագային»: