image

«Խաղաղութեան պայմանագիր»ը մեզի համար «Պրահա 2» է․ Բագրատ Սրբազան

«Խաղաղութեան պայմանագիր»ը մեզի համար «Պրահա 2» է․ Բագրատ Սրբազան

Կ'ուզեմ անդրադառնալ օրեր առաջ, ընդամէնը երէկ կամ առաջին օրը հնչած այլեւս այս չարիքի իշխանութեան կողմէ խաղաղութեան պայմանագիր կոչուածին, որ իր խորքով, իր էութեամբ, իր բնոյթով, իր նկարագրով, իր արժէքով, ամէն ինչով կամ չարժէքով, պարզապէս մեզ  համար Փրակ 2 են: Այս մասին իր ուղերձին մէջ ըսաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան:

«Այսօր տեղի է ունենում այն մեծ ողբերգութիւնը, որը մենք անուանել ենք Պրահա 2, այսինքն՝ յանձնելու բոլորիս, մեր պատիւը, արժանապատուութիւնը, հայրենիքը, կեանքը, մեր ամէն ինչը, մեր գոյութեան իմաստը նոյնիսկ: Եւ ի՞նչ էր ասում, մենք տեղեկութիւն  ունէինք, որ այս ստախօսը, գերագոյն ստախօսը հանդիպել է  օտարերկրեայ դեսպաններին եւ ասել, որ յայտարարութեամբ պիտի հանդէս գայ կամ դիմումով հանդէս գայ եւ այսպէս դիմելով ժողովրդին, որ այդ պայմանագրի՝ յիշում էք 17 կէտեր, այլեւս, որոնք վերջին երկու-երեք կէտերը համաձայնեցուած չէին,  այլեւս համաձայնեցուած են: Եւ սակայն, ինչպէս տեսնում էք, ոչ թէ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ կամ դիմումով ժողովրդին, այդ վճռական, ճակատագրական փաստաթղթի հետ կապուած, այլ պարզապէս իրեն յատուկ, իւրայատուկ մոլորեցնելու ճանապարհով, այսպէս ի միջիայլոց դարձնելու, որպէսզի որեւէ կերպով արձագանգը եւ անդրադարձը համարժէք չլինի,  նախ արտգործնախարարի շրթունքներով եւ ապա թշնամու արտգործնախարարի շրթունքներով յայտարարուեց այդ մասին եւ ապա նա ստախօսը լրագրողների հետ ոտքի վրայ ի միջիայլոց խօսեց այն մասին, որ միջանցքը յանձնելու ենք, տալու ենք բառացի ասած, մնացած կէտերն էլ համաձայնեցուած են»:

Գալստանեանի խօսքով՝ միեւնոյն ժամանակ Փաշինեան ըսած էր, որ  ժողովուրդն ամբողջութեամբ  տեղեակ է այս գործընթացէն, սակայն ոչ մէկ բանէ ալ տեղեակ է։

«Եւ հիմա  ժամանակն է, որպէսզի այդ փաստաթուղթը, որը դուք այդքան գովերգում էք, հրապարակես, հրապարակես ուղղակիօրէն՝ գրաւոր տեքստով (բովանդակութիւն), ամբողջութեամբ, որպէսզի ժողովուրդն իսկապէս ծանօթ լինի։ Կամ ելնես եւ բարբաջես, խօսես, ուղղակիօրէն խօսես, կէտ առ կէտ ընթերցելով եւ կարդալով, որպէսզի այլ որեւէ ձեւով ձեր սիրած բառով մանիպուլյացիաներ չստեղծես, խարդաւանքի, մոլորեցման, ստի որեւէ առիթ չստեղծես եւ մեղքը նորից որեւէ մէկի վրայ չդնես», - եզրափակեց Գալստանեան: