image

«Խաղաղութեան դարաշրջան»՝ ատրպէյճանական ձեւով. Լաչինի մէջ պիտի տեղադրուի հայերը «վախցնող» յուշարձան

«Խաղաղութեան դարաշրջան»՝ ատրպէյճանական ձեւով. Լաչինի մէջ պիտի տեղադրուի հայերը «վախցնող» յուշարձան

Այսօր Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Բերձորի (Լաչին) մէջ յուշարձան պիտի տեղադրուի, որ կոչուած է «վախցնելու» հայերը։

Ինչպէս տեղեկացուցած են ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները, «Երկաթէ բռունցք» յուշարձանը տեղափոխուած է քաղաք։ Այն պիտի տեղադրուի քաղաքի կեդրոնը։

«Երկաթէ բռունցք»ը Ատրպէյճանի մէջ գլխաւոր գործողութիւններէն մէկն էր Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան դէմ 44-օրեայ պատերազմին։

Ձեւականօրէն Ատրպէյճան կ'աջակցի Հայաստանի հետ հաշտուելու նախաձեռնութեան, իսկ իրականութեան մէջ կը շարունակէ սադրանքներն ու յարձակողական գործողութիւնները։