Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ Մարտ 25-ին տեղի ունեցած Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին որոշում կայացուած է պաշտօնական գրութեամբ դիմել Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ, Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Վլատիմիր Փութինին` ելլելով Արցախի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակէն եւ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներէն:
Նամակին մէջ, նախ, անդրադարձ կատարուած է, որ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահներու տեղակայման օրուընէ սկսեալ, ընդհանուր առմամբ, զօրակազմը գործած է բարձր արդիւնաւէտութեամբ եւ կատարած իր առջեւ դրուած խնդիրները: Ատրպէյճանական ռազմաքաղաքական իշխանութեան կողմէ յարուցուած բազմաթիւ խնդիրներ լուծուած են զօրակազմի անմիջական, արագ եւ գործուն մասնակցութեամբ, ինչի շնորհիւ Արցախի մէջ ձեռնամուխ եղած են պատերազմի պատճառած հետեւանքներու յաղթահարման: Սակայն 2022 թուականի Մարտ 8-էն սկսեալ ատրպէյճանական կողմը մեծ ուժգնութեամբ կ'իրականացնէ մարդասիրական, հոգեբանական, ապա նաեւ ռազմական յարձակում:
Մանրամասնօրէն շարադրելով Մարտի սկիզբէն մեկնարկած ատրպէյճանական յարձակողական գործողութիւնները Արցախի բնակչութեան հանդէպ, ներառեալ` Փառուխի ու յարակից տարածքներուն հանդէպ ռազմական յարձակումը` նամակի վերջաւորութեան կը ներկայացուին շարք մը առաջարկներ.
«Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդը որոշում է կայացրել դիմել Ձեզ` խնդրելով ձեռնարկել միջոցներ` Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմից պահպանելու 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ին ընդունած Յայտարարութեան դրոյթները: Արցախի ժողովրդին անհրաժեշտ են անվտանգութեան պայմաններ, որպէսզի բնակուենք մեր պատմական հողում ու զբաղուենք պատերազմի վէրքերի բուժմամբ: Բայց, ինչպէս ներկայացուեց, Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւնները հնարաւոր չեն դարձնում զբաղուել խաղաղ առօրեայով, ուստի գտնում ենք, որ անհրաժեշտ են անվտանգութեան ապահովման լրացուցիչ միջոցառումներ:
Ըստ այդմ, գտնում ենք, որ Յայտարարութեան դրոյթներով նախատեսուած խաղաղապահ զօրակազմի անձնակազմի եւ այն սպասարկող տեխնիկական միջոցների գործող քանակն անբաւարար է Արցախում խաղաղապահ առաքելութեան լիարժէք կատարման համար` հաշուի առնելով Ատրպէյճանի ռազմական նկրտումների աճողական եւ ընդլայնուող բնոյթը: Խնդրում ենք Ձեզ` ի լրումն ատրպէյճանական ընթացիկ յարձակման զսպման ու ատրպէյճանական զինուած ուժերի հետքաշման իրենց ելման դիրքեր` վերանայել ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի ներկայ թուաքանակն ու սպասարկող միջոցների քանակը եւ համապատասխանաբար աւելացնել ինչպէս զինծառայողների, այնպէս էլ զինտեխնիկայի միջոցները:
Աւելացնենք, որ խաղաղապահ զօրակազմի հետ Արցախի իշխանութիւնները ձեւաւորել են կառուցողական աշխատանքային փոխյարաբերութիւններ, եւ պատրաստ ենք զօրակազմի անձնակազմին ապահովել կեցութեան համար անհրաժեշտ պայմաններով: Այդ նպատակով իրականացուելիք շինարարական աշխատանքներն արդէն իսկ ձեռնարկուած են»: