image

Խաղաղական ու Հանգստեան Ժամերգութիւններ (հսկում)` Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս

Խաղաղական ու Հանգստեան Ժամերգութիւններ (հսկում)` Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս

Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս, օրերս, տեղի ունեցած է Խաղաղական ու Հանգստեան Ժամերգութիւններ (հսկում)։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ուրբաթ, 14 Մարտ  2025֊ի երեկոյեան ժամը 6։00֊ին, տեղի ունեցաւ Խաղաղական ու Հանգստեան Ժամերգութիւններ (հսկում)` Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս։ Հսկումի ընթացքին քարոզեց եկեղեցւոյ Սարկաւագներէն Անդրանիկ Սրկ. Հանեսքէհեան բնաբան ունենալով .«Դուն ինծի սուրով, նիզակով ու գեղարդով կու գաս, բայց ես զօրութեան Տէրոջը, քու նախատած Իսրայէլի զօրքերուն Աստուծոյն անունովը քեզի կու գամ» (Ա.Թգ 17. 45)։ Հսկումի աւարտին Տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած էր հիւրասիրութիւն մը եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։