Մարտ 29-ին տեղի պիտի ունենայ ընթացիկ տարուան մէջ Արեգակի առաջին մասնակի խաւարումը, յայտնած է iz.ru-ն:
Արեգակի խաւարումը տեղի կ՚ունենայ, երբ Լուսինը կ՚անցնի Երկրի եւ Արեգակի միջեւ՝ ամբողջութեամբ կամ մասամբ ծածկելով երկնային մարմինը: Ընդհանուր առմամբ, կայ երեք տեսակի խաւարում՝ մասնակի, երբ Արեւը ամբողջութեամբ չի խաւարիր, ամբողջական եւ օղակաձեւ. վերջինի պարագային Արեգակի սկաւառակը կը փակուի միայն կեդրոնի հատուածը՝ շուրջը ձեւաւորելով լոյսի օղակ:
Այսօրուան խաւարումը պիտի ըլլայ մասնակի եւ պիտի սկսի Աթլանթեան ովկիանոսի կեդրոնական գօտիին մէջ Երեւանի ժամանակով 12:52-ին։
Աստիճանաբար մասնակի խաւարման տեսանելիութեան տարածքը պիտի ընդլայնուի դէպի հիւսիս եւ արեւելք՝ հնարաւոր դարձնելով այն դիտարկել երկրագունդի գրեթէ որեւէ կէտէ։