Հայաստանի տրամադրած 80 թոն մարդասիրական օգնութիւնը հասած է Հալէպ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է սուրիահայ լրագրող Յովհաննէս Շէհիրեանը։
«Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Սուրիոյ ժողովուրդին տրամադրուած 80 թոն մարդասիրական բեռը հասած է Հալէպ», - գրած է ան X-ի էջին:
Յիշեցնենք` մարտ 21-ին Հայաստանը հայ–թրքական սահմանին գտնուող Մարգարայի անցակէտով մարդասիրական օգնութիւն ուղարկեց Սուրիայ։
Սուրիա ուղարկուած մարդասիրական բեռը կը ներառէ սնունդ եւ բժշկական պարագաներ, որոնք կ՚օգնեն մեղմել պատերազմի եւ ճգնաժամի հետեւանքները:
Նշենք, որ «Մարգարա» անցակէտը 10 օրով բանալու որոշումն ընդունուած է մարտ 20-ին կառավարութեան նիստին։