image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Սուրիան, տարածաշրջանը` հայկական ոսպնեակով

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Սուրիան, տարածաշրջանը` հայկական ոսպնեակով

Ծովեզերեայ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած բախումներուն եւ հաւաքական սպանութիւններուն առիթով սուրիական նորահաստատ իշխանութիւններու ղեկավարողին յայտարարութիւնը առ այն, որ անոնք նախատեսուած մարտահրաւէրներու շարքին էին, որոշ հետեւութիւններու կ՛առաջնորդէ:

Նախ այն, որ ալեւիներու նկատմամբ նման գործողութիւններ կրնային իրականանալ: Տարբեր խնդիր, թէ նախորդ վարչակարգի մնացորդաց ուժերու կողմէ  խռովարարութի՞ւն է, թէ՞ վրէժխնդրութեան ակունքներէ կը բխի այս երեւոյթը: Կայ անշուշտ երրորդ տեսութիւնը, որ կանխածրագրուած եւ ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութիւն առաջադրող ծրագիրին կը վերաբերի:

Ուշագրաւը այն է, որ զանգուածային սպանութիւններու յանգած այս դէպքերը կը յաջորդէին իշխանութիւններուն կողմէ նախաձեռնուած ազգային երկխօսութեան համագումարին: Նոր սահմանադրութեան մշակման որոշումի մեկնարկի պաշտօնականացումն էր համագումարը հիմնականին մէջ, ուր կը շեշտուէր ազգային փոքրամասնութիւններու, համայնքներու իրաւունքներուն ներառումը սահմանադրութեան մէջ եւ քաղաքացիներու հաւասարութեան սկզբունքի յարգումը:

Ալեւի համայնքին վրայ կեդրոնացած է հիմա լուսարձակին ամբողջութիւնը: Համասուրիական տարածականութեամբ սակայն կայ քրտական հանգոյցը. այս դէպքերու նախօրէին բռնկած էր նաեւ տիւրզիաբնակ տարածքներու կարգավիճակի ճշդումի խնդիրը:

Ուշագրաւ էր Սուրիոյ տեղեկատուական հարցերու նախարարին յայտարարութիւնը, թէ` նախորդ վարչակարգի զինեալ դրսեւորումներուն ետին կանգնած է Իրանը: Մինչ Թեհրանի ներկայացուցիչները ներսուրիական խլրտումներուն հովանաւորը կը նկատէին Անգարան:

Բացական այս բոլորին մէջ Սուրիոյ նախկին հովանաւորն է, որ առանցքային դեր ունէր ալեւի համայնքին վրայ գերազդեցիկ գործօն իբրեւ եւ որուն ռազմայենակէտերը թէ՛ ցամաքային եւ թէ՛ ծովային այդ շրջաններուն մէջ էին: Այս դէպքերը կը վերագրուին ոչ թէ Մոսկուային, այլ Թեհրանին, Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն կողմէ:

Նախորդ վարչակարգի յենասիւները` Իրանն ու Ռուսիոյ դաշնութիւնը ջլատուած են Սուրիոյ մէջ: Այդ յենասիւները կը թուի, որ փոխարինուած են Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի կողմէ: Երկուքն ալ զինուորական ներկայութիւն են սուրիական տարբեր տարածքներու վրայ: Թուրքիոյ համար կայ երկու խնդիր` իր մօտ գտնուող սուրիացի գաղթականները եւ անշուշտ քրտական սպառնալիքը: Անգարան այս երկու խաղաթուղթերը լիարժէք կ՛օգտագործէ իր զինուորական ներկայութիւնը հիմնաւորելու համար: Զինուորական ներկայութիւն է նաեւ Իսրայէլը, որ ներխուժած է սուրիական տարածքներ եւ կը վերահսկէ Սուրիոյ դրացի երկիրներու անցքերը:

Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութեան ներքեւ: Ուաշինկթընն է կարմիր գիծերն ու սահմանները ճշդողը: Նաեւ` ներխուժման գործողութիւններու արտօնութիւն տուողը:

Հիմա, հայկական ոսպնեակը: Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի աշխուժացումը, ներկայութիւնը, զինուորական խարսխաւորումը պարզ ընկալումով ո՛չ պետութեան, ո՛չ ալ համայնքի շահերէն կը բխին: Այս իրողութիւնը նկատի ունենալով չթիրախաւորուելու մօտեցումը գերակայ պիտի ըլլայ եւ հաշուի առնուի պետական գերատեսչութիւններուն եւ համայնքին մասին հրապարակային կոչեր, թելադրանքներ կամ դասեր տուողներու կողմէն:

Այս առումով ալ թէ՛ ծովեզերեայ Սուրիոյ շրջաններուն մէջ շարունակուող դէպքերուն կամ թէ ընդհանրապէս սուրիահայ համայնքի իրավիճակին մասին լրատուութիւններ թողարկողներն ու մեկնաբանութիւն կատարողները բացառապէս պէտք է շարունակեն հիմնուիլ համայնքի պաշտօնական հոգեւոր եւ ազգային մարմիններու հրապարակած հաղորդագրութիւններու բովանդակութեան վրայ: Տեղեկատուութիւնը եւս անվտանգային համակարգի բաղադրիչ է:

Վերադառնանք Սուրիոյ իշխանութիւններու ներկայացուցիչին կատարած յայտարարութեան, թէ վերջին դէպքերը նախատեսուած մարտահրաւէրներու շարքին էին: Կան տակաւին այլ փուլեր, այլ ցնցումներ: Սուրիան, ընդամէնը, Միջին Արեւելքի ընդհանուր նոր խճանկարին մէկ մասնիկն է:

 

«Ա.»