Կիրակի, 16 Մարտի երեկոյեան, Զմմառու Մայրավանք այցելեց Ախթամար ընկերութեան կազմակերպած շրջապտոյտի խումբը։
50 անձերէ բաղկացած խումբին դիմաւորեց եւ առաջնորդեց` Զմմառու մայրավանքի փոխ մեծաւոր Նարեկ վրդ. Լուիսեան։
Անոնք շրջեցան Վանական համալիրի բոլոր բաժանմունքները` Մայր եկեղեցին, Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մատուռը, հին վեհարան թանգարանը եւ գինեմառանը` ուրկէ եւ գնեցին Զմմառու հիւթեղ գինիներէն։
Հայր Նարեկ այցելուներուն նուիրեց Միաբանութեան դիմագիծը հանդիսացող "Զմմառեանք Ի Սփիւռս Ախարհի" տարեգիրքի վերջին համարը։
Այցելուները գոհունակ սրտով հրաժեշտ տուին 275-տարիներու պատմութիւն ունեցող Զմմառու Մայրավանքին։