image

Կազայի մէջ զոհերուն թիւը անցած է 4300 –ը

Կազայի մէջ զոհերուն թիւը անցած է  4300 –ը

Կազայի մէջ իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով զոհերու թիւը գերազանցած է 4300-ը։ Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը՝ Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութեան թելեկրամեան ալիքին յղումով։

Ըստ նախարարութեան հրապարակած տուեալներուն՝ 7 հոկտեմբերէն առ այսօր հակամարտութեան սրման հետեւանքով զոհուած է 4385 մարդ եւ վիրաւորուած՝ 13 561։

Հաղորդուած է նաեւ, որ զոհերու այս թիւին մէջ կայ 1756 երեխայ։