image

Կազայի մէջ զոհերու թիւը հասած է 26,083-ի

Կազայի մէջ զոհերու թիւը հասած է 26,083-ի

Կազայի հատուածին մէջ 2023 թուականի հոկտեմբեր 7-էն պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան սրման նոր փուլի սկիզբէն ի վեր զոհերու թիւը հասած է 26,083-ի: Այդ մասին առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է իր թելեկրամեան ալիքի միջոցաւ:

Ըստ հաղորդագրութեան՝ տուժած է եւս 64,487 մարդ։

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը դատապարտած է Իսրայէլը Կազայի մէջ պաղեստինցի խաղաղ բնակիչներու սպանութեան համար:

«Իսրայէլի ռազմական գործողութիւնները զանգուածային աւերածութիւններ առաջացուցած են եւ խաղաղ բնակիչներ սպանած՝ այնպիսի մաշտապներով, որոնք աննախադէպ են Ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին ծառայելուս ընթացքին», - ըսած է Կութերեշը: