image
Հրատապ լուրեր:

Կազայի մէջ աւերածութիւններու համար Իսրայէլը 100 միլիառ տոլար պէտք է վճարէ. Էրտողան

Կազայի մէջ աւերածութիւններու համար Իսրայէլը 100 միլիառ տոլար պէտք է վճարէ. Էրտողան

 

Համաշխարհային համակարգը խոր ճգնաժամ կ՚ապրի եւ հրատապ բարեփոխումներու կարիք ունի․ ՄԱԿ-ը կորսնցուցած է եւ հեղինակութիւնը եւ իր առաքելութիւնը իրականացնելու կարողութիւնը, իսկ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք ստեղծուած մեխանիզմները կաթուածահար եղած են։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը «Պոսֆորի համաժողովին»։

«Աւելի կը սաստկանայ տէրութիւններու մրցակցութիւնը։ Անորոշութիւնը եւ անկայունութիւնը կ՚աճին։ Մեր դիմաց նոր մարտահրաւէրներ կան՝ կլիմայ, ջուր, առեւտրային պատերազմներ, ուժանիւթ եւ պարէնային շղթաներ։ Ճգնաժամերը, որոնք չի յաջողուիր լուծել խաղաղութեամբ, կը տեղափոխուին բախումներու գօտիներ եւ նոր ողբերգութիւններ կը ծնին»,– նշած է Թուրքիոյ նախագահը։

Անդրադառնալով Կազայի իրադարձութիւններուն՝ Էրտողան նշած է, որ Բենիամին Նաթանիահուն եւ անոր գրասենեակը պէտք է կանգնին դատարանի առաջ։

«Կազայի աւերածութիւններուն համար Իսրայէլը պէտք է վճարէ 100 միլիառ տոլար»,– յայտարարած է Էրտողան։ Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիոյ առեւտրային եւ քաղաքական քայլերը պէտք է օրինակ դառնան այլ երկիրներու համար, հակառակ պարագային պատերազմը դուրս պիտի գայ շրջանի սահմաններէն։

Էրտողան նաեւ ընդգծած է, թէ Թուրքիան չի կրնար անմասն մնալ հարեւան ժողովուրդներու տառապանքներէն։