Կազայի հիւսիսի մէջ մինչեւ 2 տարեկան իւրաքանչիւր երրորդ երեխան ներկայիս կը տառապի սուր թերսնուցումէ:
Այս մասին յայտած է Reuters գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով պաղեստինեան տարածքը գործող ՄԱԿ-ի գլխաւոր գործակալութիւնը:
«Երեխաներու շրջանակին մէջ թերսնուցումը արագօրէն կը տարածուի եւ Կազայի մէջ կը հասնի աննախադէպ մակարդակի», - ըսուած է ՄԱԿ-ի պաղեստինեան փախստականներու օգնութեան եւ աշխատանքներու կազմակերպման գործակալութեան (ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակ) յայտարարութեամբ:
Կազայի հիւանդանոցները յայտնած են թերսնուցումէն եւ ջրազրկումէն քանի մը երեխաներու մահուան մասին: