Հաղորդագրութիւն
Սոյն թուականի 4 մարտին, Կառավարութեան նիստերու մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Յանուն Հանրապետութեան» ժողովրդավարութեան պաշտպաններու դաշինք կուսակցութեան արտահերթ երրորդ համագումարը:
Կուսակցութեան անդամները ներկայացուցին կուսակցութեան կատարած գործերը, առաջիկայ ընելիքները, ինչպէս նաեւ՝ կուսակցութեան գործերը եւ դիրքորոշումը երկրի զանազան հարցերու վերաբերեալ:
Ըստ այդմ, կուսակցութիւնը ձեռնամուխ եղած է Հայաստանի մէջ Ժողովրդավարութեան եւ անվտանգութեան հայկական կեդրոնի ստեղծման, որու ծիրէն ներս արդէն իսկ կը գործէ Ժողովրդավարութեան եւ անվտանգութեան դպրոցը, անվճար հիմունքներով դասընթացներ կազմակերպելով թեմայով հետաքրքրուած քաղաքացիներուն համար:
Ներկայացուեցաւ նաեւ անցեալ եւ սպասուող Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններու մասնակցութեան մասին, ըստ որու կուսակցութիւնն ունի որոշում՝ մասնակցելու Երեւան քաղաքի ՏԻՄ ընտրութիւններուն, պիտի ճշդուին մասնակցութեան ձեւն ու բովանդակութիւնը:
Կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը անգամ մը եւս յայտնեց, որ իրենք կանգնած են յեղափոխութեան եւ յեղափոխութեան արժէքներու կողքին, հետեւողականօրէն փողոցին եւ խորհրդարանին մէջ, եթերով եւ բակերուն մէջ, իրենց պատասխանատւութիւնը եւ յանձնառութիւնը համարելով՝ պաշտպանելը, կը պաշտպանեն եւ պիտի պաշտպանեն Հայաստանի ժողովրդավարութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը:
Ըստ կուսակցութեան փոխնախագահ Ռուբէն Մեհրաբեանի, Հայաստանի անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն), ԵԱՏՄ-ին (Եւրասիական տնտեսական միութիւն) եւ Ռուսիոյ հետ երկկողմ յարաբերութիւնները, ներկայիս տէ ժուրէ (իրաւական) ձեւաչափով, իմաստազրկուած են բոլոր առումներով: Իսկ առաջիկայ ամիսները պիտի կանխորոշեն մեր պատմութեան հետագայ տասնամեակները:
Կուսակցութեան նախագահ Արման Բաբաջանեան պնդեց, որ պատրաստ են միաւորուիլ կամ իրենց ուժերը մէկտեղել այն քաղաքական եւ հասարական ուժերուն հետ, որոնք իրենց հիւսուածքներով կը մերժեն քրէական օլիգարխիան (սակաւապետութիւնը), գողապետութիւնը եւ կամք ու խիզախութիւն ունին մինչեւ վերջին շունչը զոհաբերուելու ՀՀ անկախութեան ու ինքնիշխանութեան համար:
Համագումարին մասնակցող պատուիրակներու ընտրութեան ադիւնքներով ձեւաւորուեցաւ նոր Քաղաքական խորհուրդ, որու անդամներն են Արման Բաբաջանեան, Ռուբէն Մեհրաբեան, Արտաշէս Խալաթեան, Առնոլտ Բլեյեան, Վիգէն Մովսիսեան, Վահագն Մարտիրոսեան, Լուսինէ Մխիթարեան, Գոռ Մսրիկեան, Տիգրան Մանուկեան, Տիգրան Թոթոլեան, Վաչէ Գրիգորեան, Յովհաննէս Սահակեան, Երանուհի Ամիրեան:
Կուսակցութեան նախագահ վերընտրուեցաւ Արման Բաբաջանեան: