Անթիլիաս-Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի փոքրիկներն ու պատանիները յիշատակելի աւանդական հաւկթախաղ մը ունեցան Մայրավանքի շրջափակին մէջ: Զատկական տօնախմբութեան անակնկալօրէն միացաւ Վեհափառ Հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը։