image

Կաթողիկէ Հայոց նորընտիր Պատրիարքը կը շարունակէ շնորհաւորանքներ ընդունիլ

Կաթողիկէ Հայոց նորընտիր Պատրիարքը կը շարունակէ շնորհաւորանքներ ընդունիլ

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի ընտրութեան առթիւ աշխարհի տարբեր վայրերէն կը շարունակուին հասնիլ եկեղեցական, քաղաքական ու քաղաքացիական աշխարհի ներկայացուցիչներուն բարեմաղթութիւնները, որոնց շարքին նաեւ Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Քիրիլ Պատրիարքին շնորհաւորագիրը, որուն մէջ ան ի մէջ այլոց նշած է, որ Եպիսկոպոսներու սինոդի որոշումը, քրիստոնէական Արեւելքի եւ համայն աշխարհի համար այս բարդ ժամանակներու ընթացքին, «կը վկայեն բարձր գնահատականի մասին ձեր եկեղեցական ծառայութեան, ներառեալ որպէս Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ` Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի»։

Պատրիարքը յիշած է նաեւ երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Ռուսաստան կատարած այցը, յոյս յայտնելով որ «դարեր առաջ երկու եկեղեցիներու միջև հաստատուած լաւ յարաբերութիւնները շարունակուին», Ան ապա նորընտիր պատրիարքին մաղթած է «քաջառողջութիւն եւ Աստուծոյ օգնութիւնը` անոր ապագայ վեհ և պահանջկոտ ծառայութեան մէջ»:

Մինասեան Պատրիարքին շնորհաւորական պատգամ փոխանցողներէն առաջիններէն մին եղաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որ «Առ Աստուած աղօթքով» կը հայցէ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութիւնը, որպէսզի «Տիրոջ օգնականութեամբ Անոր սպասաւորութիւնը ծառայէ` Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պայծառութեանը, մեր ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի միասնականութեան ամրապնդման ու զօրացմանը»։

Գարեգին Բ. մաղթած է առողջութիւն եւ գործոց յաջողութիւններ` ի շինութիւն անոր խնամքին յանձնուած հաւատաւոր հօտի հոգեւոր կեանքին»:

Իր կարգին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. հոգեկան ուրախութեամբ ու եղբայրական սիրով ողջունած է Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի ընտրութիւնը, մատնանշելով իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութիւնն ու սիրալիր յարաբերութիւնը, հիմնուած` հոգեւոր ու ազգային հասարակաց արժէքներու ու իտէալներու վրայ։

«Վստահ ենք, որ քրիստոնէական սիրով, ազգային վառ ապրումներով ու գործակցական ոգիով պիտի շարունակուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան, ինչպէս նաեւ մեր անձնական յարաբերութիւնը», նշած է Վեհափառ Հայրապետը իր նամակին մէջ մաղթելով Աստուծոյ օրհնութեամբ լեցուն ծառայական բեղմնաւոր տարիներ»։

 

Լուրը՝ «Ռատիօ Վատիկան»էն: